18 Sep Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան 2018-2022 Քառամեակի Ա. Լիակազմ Ժողով
8, 9 եւ 10 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան 2018-2022 քառամեակի Ա. լիակազմ ժողովը:
Օրակարգի առաջին բաժինով, ժողովը ունկնդրեց շրջաններու գործունէութեանց տեղեկագրական զեկուցումները եւ գոհունակութեամբ հաստատեց, որ Համազգայինի նորաստեղծ կազմակերպական միաւորներու ցանցը հետզհետէ կը մեծնայ, եւ երիտասարդ համազգայնականներուն թիւը, յատկապէս Հիւսիսային Ամերիկայի շրջաններուն մէջ, կը բազմանայ: Աշխոյժ գործունէութիւն ունին Հիւսիսային Ամերիկայի երեք եւ Միջին Արեւելքի Շրջանային վարչութիւնները, ու ժրաջանօրէն եւ նոր թափով աշխատանքի լծուած է Սուրիոյ Շրջանային վարչութիւնը. միւս կողմէ սակայն, դժուարութիւններ կը յամենան Եւրոպայի կարգ մը կառոյցներուն եւ Հարաւային Ամերիկայի շրջաններուն մէջ, որոնք յաւելեալ կազմակերպական ճիգ եւ ուշադրութիւն կը պահանջեն։ Անոնց վերակազմակերպումը Կեդրոնական վարչութեան օրակարգի կարեւոր խնդիրներէն պիտի ըլլայ քառամեայ գործունէութեան ընթացքին:
Այս գլուխին տակ, ժողովը տեղեկացաւ շրջաններուն մէջ ծրագրուող եւ ընթացքի մէջ եղող Համազգայինի 90-ամեակի նշման ձեռնարկներուն մասին, որոնք պիտի կայանան յաջորդ քանի մը ամիսներուն: Այդ շարքին մեկնարկը եղաւ 9 Սեպտեմբերի մեծաշուք հանդիսութիւնը՝ Երեւանի Սունդուկեան Ազգային Ակադեմիական Թատրոնին մէջ։
Յաջորդաբար, ժողովը զբաղեցաւ Մայիսին Երեւանի մէջ կայացած Համազգայինի Ը. Պատգամաւորական ժողովի բանաձեւերով, որոնք կը գծեն մեր միութեան յառաջիկայ քառամեակի գործունէութեան ուղիները։ Այսպէս, կրթական խնդիրներու գլխուն տակ, ժողովը քննեց Կեդրոնական Վարչութեան հովանիին տակ գործող կրթական հաստատութիւններու վարչական եւ ուսումնական խնդիրները: Տեղի ունեցաւ Պէյրութի Մ. եւ Հ. Արսլանեան, Մարսէյի եւ Սիտնիի Ա. եւ Ս. Գոլստըն Ճեմարաններու հայեցի դաստիարակութեան հարցերու քննութիւնը եւ այդ հաստատութիւններու տնօրէններուն աշխատանքներու գնահատականը: Գնահատուեցաւ Համազգայինի Պէյրութի «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան Մանկամսուր»ի նորակառոյց շէնքի ամբողջացումը եւ Սեպտեմբեր 2018-ին արդէն իսկ մանուկներ ընդունելու իրողութիւնը: Ժողովը յատուկ ուշադրութիւն դարձուց Իսիլեմուլինոյի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանի գործունէութեան եւ որոշեց շարունակել իր յանձնառութիւնը այդ հաստատութեան նկատմամբ:
Անդրադառնալով սփիւռքի հայկական վարժարաններուն համար հայերէնի դասաւանդ ապագայ ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագրին, ժողովը որոշեց թափ տալ Երեւանի Պետական Համալսարանին հետ գործակցութեամբ իրականացուող Համազգայինի հայագիտութեան մագիստրոսական ծրագրի քարոզչութեան: Այս ծրագիրը արդէն իսկ սկսած է տալ շօշափելի արդիւնքներ, որով իրենց հայագիտութեան մագիստրոսական ուսումը աւարտող երիտասարդներ այժմ կը պաշտօնավարեն սփիւռքի հայկական վարժարաններուն մէջ։ Նոյնպէս, սփիւռքի տարածքին գործող հայկական վարժարաններուն համար տնօրինական մասնագիտացած անձնակազմ պատրաստելու միտումով, ժողովը հաստատեց դպրոցական վարչագիտութեան մագիստրոսութեան ծրագիրին յաւելեալ քարոզչութիւն կատարելու աշխատանքին կարեւորութիւնը:
Ժողովը առանձնաբար քննեց նաեւ Համազգայինի այլ հաստատութիւններուն` «Վահէ Սէթեան» տպարանին, հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին անցնող տարուան գործունէութեան համարատուութիւնը եւ կարեւորեց հրատարակչական մարզին մէջ արդիականացման միջոցներու որդեգրման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս օրինակ ելեկտրոնային գրադարանի յառաջացումը, հրատարակութիւններու որակի բարձրացումը եւ ցուցասրահի նորովի գործունէութեան հնարաւորութիւնները։ Անդրադառնալով «Բագին» գրական հանդէսին` ժողովը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ խմբագրին ու խմբագրական խորհուրդին աշխատանքներով «Բագին»ը ներգրաւած է երիտասարդ գրողներու զգալի թիւ մը։
Կազմակերպական գրասենեակներու օրակարգով, ժողովը քննեց Պէյրութի, Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի գրասենեակներու գործունէութիւնը: Քննութեան կեդրոնացումը կատարուեցաւ յատկապէս նորաստեղծ գրասենեակներուն վրայ, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ Համազգայինի գրասենեակի գործունէութեան ծիրը ընդլայնելու, անոնց միջոցով տեղական մշակութային կեանքի զարգացման մէջ Համազգայինի դերակատարութեան կարելիութիւնները ընդլայնելու հեռանկարով:
«Լալան ու Արան» մանկական խաղերու պատրաստութեան աշխատանքներու յաջողութիւնը գնահատելով, ժողովը որոշեց ծաւալել աշխատանքը, արագացնել ելեկտրոնային նոր խաղերու եւ «Լալան ու Արան» առարկաներու արտադրութիւնները:
Քննուեցաւ «Հ-Բեմ» համացանցային երիտասարդական հարթակի աշխատանքներու տեղեկագրութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ ծրագիրը փութով երիտասարդութեան տրամադրելի դարձնելու յաջորդ փուլերու ճշդումը: Անգամ մը եւս ընդգծուեցաւ այս նախաձեռնութեան հիմնական կարեւորութիւնը՝ սփիւռքեան մաշումին ենթակայ նորահաս սերունդները հայ մշակոյթի ոլորտէն ներս պահելու մեր առաքելութիւնը արդիւնաւէտ կերպով գործնականացնելու տեսանկիւնէն:
Ապա ժողովը անդրադարձաւ սփիւռքի հայ երիտասարդութիւնը իր ինքնութեան եւ մշակոյթին հաղորդ դարձնելու Համազգայինի երեք ծրագիրներուն՝ Ուսանողական Հաւաքին (Ֆորում) Հայաստանի մէջ, ԱրթԼինքս Երիտասարդական Ցանցին՝ Հիւսիսային Ամերիկա եւ նորաստեղծ Եութլինքս-ին՝ Եւրոպայի մէջ։ Ժողովը եզրակացուց, որ այս հաւաքները կ՚արդիւնաւորուին անով, որ մասնակցող երիտասարդներու թիւը կ’աճի տարուէ տարի, եւ երեք ծրագիրներն ալ հայ երիտասարդութիւնը յաջողապէս կ’առնչեն Հայաստանին, հայկական մշակոյթին եւ ինքնութեան։ Առ այդ, ժողովը որոշեց ճիգ ու միջոցներ չխնայել, որ այդ ծրագիրները առաւել յաջողութեամբ պսակուին։
Օրակարգի քարոզչական հարցեր գլուխին տակ, ժողովը անդրադարձաւ Համազգայինի գործունէութեան քարոզչութեան թափ տալու անհրաժեշտութեան, եւ առ այդ որոշումներ կայացուց մեր միութեան աշխատանքներուն մասին հանրութիւնը շարունակականօրէն իրազեկ դարձնելու համար։
Ժողովի աւարտին, Կեդրոնական Վարչութիւնը իր լրիւ կազմով այցելութիւն մը տուաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին։ Նորանշանակ նախարարը ներկայացուց Սփիւռքի նախարարութեան մօտեցումները գաղութներու հետ յարաբերութեան՝ մասնաւորաբար հայեցի կրթութեան ոլորտին մէջ նախարարութեան կողմէ տրամադրելի նոր միջոցներու եւ օժանդակութեան մասին։ Իր կարգին, Կեդրոնական Վարչութիւնը շնորհաւորեց նախարարի նշանակումը եւ ներկայացուց Համազգայինի կրթական եւ երիտասարդական ծրագիրները։ Ապա տեղի ունեցաւ մտքերու շահաւէտ փոխանակում Համազգայինի եւ նախարարութեան յառաջիկայ գործակցութեան կարելիութիւններուն մասին։
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պէյրութ, 13 Սեպտեմբեր 2018
No Comments