The Eastern USA region of Hamazkayin Armenian Educational and Cultural Society, is a member of the larger Hamazkayin organization and constitutes one of the branches of the worldwide Hamazkayin family, founded in 1928. The Eastern Region consists of eight chapters.
We aim to empower our chapters and membership to nurture and promote Armenian arts and culture. Given our millennia long history, we are cognizant of the dynamic nature of the concept of identity. To that end, we strive to maintain our cultural identity and heritage and are committed to grow and further the contribution of the Armenian culture to the complex tapestry of world civilizations.
Currently, its activities include planning regional literary and educational events, supporting the arts and the youth through projects such as ArtLinks, supporting distance learning initiatives, encouraging writers through the Minas and Kohar Tölölyan Prize in Contemporary Literature, and linking youth through educational initiatives such as the annual regional Knowledge Bowl for Armenian students. On Oct. 15, 2016, the opening ceremony of Hamazkayin Eastern Regional’s Early Education Center, a daycare center, in Teaneck, N.J., took place. *Read more
In the late 1960’s, cultural associations such as the Armenian Mixed Youth Association (established in Detroit, on Feb. 12, 1967), the Armenian Cultural Association (established in New York, on May 5, 1967), the Armenian Cultural Association (established in New Jersey, on Dec. 1, 1968), and the Armenian Cultural Association (established in Boston, on May 14, 1969) were formed in the eastern United States.
In 1975, with the intention of creating a unified body to develop and coordinate the Armenian cultural activities in North America, the Armenian Cultural Association of New York invited the Armenian Cultural Associations of Boston and New Jersey, the Armenian Mixed Youth Association of Detroit, and the Hamazkayin chapters of Montreal and Toronto for a meeting. That meeting created a temporary office for Hamazkayin in the region.
A letter was written to the Central Committee of Hamazkayin. A third meeting in the same year resulted in the formation of a representative body. It was called the Executive Body of the Hamazkayin Armenian Cultural Association in North America, and it functioned for two years.
In June of 1977, at a meeting in Boston, it was decided that the U.S. and Canada regions should have separate Hamazkayin regional bodies.
Thus, the Eastern USA region established its structure, named it the Hamazkayin Armenian Cultural Association, and elected its very first Regional Committee in 1977.
Subsequently, the Philadelphia (1980), Washington (1981), Chicago (1981), and Providence (1994) chapters of Hamazkayin joined the structure of the Eastern USA region.
1960ական թուականներու վերջաւորութեան ԱՄՆի արեւելեան շրջանին մէջ կազմուած էին մշակութային միութիւններ, ինչպէս՝ Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց Միութիւն (Տիթրոյթ, Փետրուար 12, 1967), Հայ Մշակութային Միութիւն (Նիւ Եորք, Մայիս 5, 1967), Հայ Մշակութային Միութիւն (Նիւ Ճըրզի, Դեկտեմբեր 1, 1968), Հայ Մշակութային Միութիւն (Պոսթըն, Մայիս 14, 1969): Հիւսիսային Ամերիկայի մշակութային աշխատանքները ծաւալելու եւ համադրելու համար մարմին մը յառաջացնելու միտումով, Նիւ Եորքի Հայ Մշակութային Միութիւնը, 1975ին, հրաւիրեց Պոսթընի եւ Նիւ Ճըրզիի Հայ Մշակութային Միութիւնները, Տիթրոյթի Հայ Երկսեռ Երիտասարդաց Միութիւնը, Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի Համազգայինի միութիւնները: Անդրանիկ ժողովէն յառաջացաւ Առժամեայ Դիւան մը: Նամակ մը գրուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան: Նոյն տարին, երրորդ խորհրդակցական ժողովէն յառաջացաւ ներկայացուցչական մարմին մը, որ կոչուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան Գործադիր Մարմին, որ գործեց երկու տարի: Յունիս 1977ին, Պոսթընի մէջ գոյացած ժողովին որոշուեցաւ ԱՄՆը ու Գանատան ունենան իրենց անջատ շրջանային մարմինները: Այսպէս ԱՄՆի արեւելեան շրջանը հաստատեց իր շրջանային կառոյցը՝ Համազգային Հայ Մշակութային Միութիւն անունով եւ ներքին կանոնագրութիւններով 1977ին ընտրեց իր անդրանիկ Շրջանային Վարչութիւնը:
Հետագային, ԱՄՆի Համազգային կազմին միացան Ֆիլատէլֆիոյ (1980), Ուաշինկթընի (1981), Շիքակոյի (1981) եւ Փրովիտէնսի (1994) մասնաճիւղերը:
Արեւելեան Ամերիկայի Համազգայինի մասնաճիւղերն են.
1. Նիւ Եորքի մասնաճիւղը, որ հիմնուած է 1967-ին կրելով Հայ Մշակութային Միութիւն անունը: Միութեան հիմնադրութեան առաջին օրերէն հիմնուեցան թատերախումբը Մասիս անունով, Երգչախումբը Գուսան անունով եւ պարախումբը:
Միութիւնը վերակոչուեցաւ Համազգային 1976 թուականին: Նիւ Եորքի Համազգայինը արուեստի բարձրորակ մակարդակով թատերական ներկայացումներով, երգչախմբային համերգներով, գրական, յոբելինական, ձեռնարկներով, ասուլիսներով, սէմինարներով ցուցահանդէսներով, հայ համալսանականներու հետ համագործակցելով կարողացաւ գաղութին մէջ բացառիկ ներկայութիւն մը ըլլալ:
Թատերախումբի հիմնադիրն ու ղեկավարը թատերագիր, բանաստեղծ
Հրանդ Մարգարեանն է, որուն ղեկավարութեամբ թատերախումբը Ամերիկայի
ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէջ շարք մը մրցանիշներու արժանացաւ: ԱՄՆի մէջ միակ
թատերախումբն է, որ քառասուն տարի առանց ընդմիջումի ներկայացումներ
տուած է: Իր կազմէն մինչեւ այսօր անցած են 387 դերակատարներ:
Երգչախումբը առաջին հայկական երգչախումբն էր, որ արժանացաւ Նիւ Եորք Թայմզի գնահատանքին:
Պարախումբը ղեկավարած են Կարպօ Աֆարեան եւ Ալէն Կիրակոսեան:
Նիւ Եորքի Համազգայինը միակ մասնաճիւղն է, որ հրատարակած է գրական ՄԵՆՔ երկլեզու պարբերաթերթը:
Հայկական վարժարաններու աշակերտները քաջալերելու նպատակով միութիւնը կազմակերպած է տարեկան արտասանական, ուղղագրական եւ ազգային գիտելիքներու մրցոյթներ:
Հսկայական թիւ կը կազմեն գրական եւ գեղարուեստական, յուշ-երեկոները եւ յոբելինական ձեռնարկները:
Մասնաճիւղը Նիւ Ճըրզիի մասնաճիւղին հետ կազմակերպեց Նարեկացիի համահայկական գիտաժողովը: Նոյն մասնաճիւղին հետ 2007ին վերանորոգեցին Հայաստանի սահմանամերձ՝ Ճամբարակի, Գետափի եւ Արտենիի դպրոցները:
Մասանաճիւղը Հայաստանի Ակադէմիայի Պատմութեան բաժանմունքին մէջ
հաստատեց տպարան ի յիշատակ հոգելոյս Մեսրոպ Արք. Աշճեանի:
Գաղութին մէջ իր յարգալից ներկայութիւնը հաստատած մասնաճիւղը թէեւ
գործօն անդամական փոքր կազմ մըն է, սակայն հսկայ թիւով օժանդակող եւ
քաջալերողներու զօրակցութիւն ունի իր ետին:
2. Տիթրոյթի մասնաճիւղը, որ հիմնուած է Հայ Երիտասարդաց Միութիւն անունով, 17 Դեկտեմբեր 1967-ին, որմէ 10 տարիներ ետք միացած է Համազգայինի ընտանիքին: Ունի շուրջ 22 անդամ: 40 տարիներու ընթացքին մասնաճիւղը ունեցած է թատերախումբ:
Տեղի ունեցած են հայ գրագէտներու նուիրուած յոբելինական հանդիսութիւններ եւ դասախօսական ձեռնարկներ:
Մասնաճիւղը այժմ ունի նաեւ պարախումբ:
3. Նիու Ճըրզիի մասնաճիւղը, որ հիմնուած է 1 Դեկտեմբեր, 1968-ին: Ունի շուրջ 39 անդամներ:
Մասնաճիւղը կազմաւկերպած է հրապարակային ձեռնարկներ, դասախօսական երեկոներ, գինեձօններ եւ յոբելինական հանդիսութիւնններ:
2005-ին հիմնուեցաւ փոխրիկներու եւ պատանիներու երգչախումբը:
Մասնաճիւղը ունի թատերախումբ մը, որուն վերջին ելոյթը՝ «Ճորճթաունի տղաքը» բացառիկ տպաւորութիւն ձգեց բոլոր ներկաներուն վրայ:
2005-ին վերակազմուեցաւ մասնաճիւղին «Նայիրի» պարախումբը:
2006-ին սկսաւ ձեռարուեստը, ուր փոքրիկներն ու պատանիները առիթ կ°ունենան իրենց տաղանդները ցոյց տալու: Ձեռարուեստի արտադրութիւնները կը վաճառուին գրախանութի միջոցով:
2007-ի կիսուն մասնաճիւղը սկսաւ տհոլի դասընթացքներու, ուր քանի մը պատանիներ, Կարօ Գահվէճեանի ցուցմունքներով, կը սորվին նուագել:
Մասնաճիւղը կատարած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ:
Մասնաճիւղը կրցած է իր շուրջ հաւաքել անձնազոհ անձեր, որոնց մտահոգութիւնը միշտ ալ եղած է սատարել հայ մշակոյթի վերելքին եւ օժանդակել հայապահպանման ճիգերուն:
4. Ֆիլատելֆիոյ մասնաճիւղը, որ հիմնուած է 1980-ին, ունի 16 անդամներ: Մասնաճիւղի վարչութիւնը կը կազմակերպէ Փոքրիկներու Տաղանդի Օր եւ այլ շրջաններէ կը հրաւիրէ թատերական խումբեր կամ դասախօսներ:
annyab@gmail.com
5. Շիքակոյի մասնաճիւղը, որ վերակազմուեցաւ 1981-ին:
1982-ին հիմնուեցաւ Լեւոն Շանթ թատերախումբը:
1986-ին հիմնուեցաւ Սարդարապատ պարախումբը:
2002-ին կազմուեցաւ երգչախումբը:
Մասնաճիւղը ունի 19 անդամներ, նաեւ օժանդակներ, որոնց շնորիւ կը շարունակուին գրախօսականի, երգչախումբի, թատերականի եւ պարախումբի ելոյթները գաղութէն ներս, ինչպէս նաեւ վերջին 17 տարիներու ընթացքին կը մասնակցին Սքոքի արուարձանի 29 համամշակութային 2 օրերու ցուցահանդէսին:
6. Ուաշինկթընի մասնաճիւղը, որ հիմնուած է 1982-ին խումբ մը ազգայիններու կողմէ: Անդամներուն թիւը 21 է, սակայն կողքին խմբուած են խումբ մը երիտասարդներ, որոնք կը կազմեն մասնաճիւղի երիտասարդական միաւորը եւ կը կազմակերպեն որակաւոր ձեռնարկներ:
Մասնաճիւղը 25 տարիէ ի վեր ունի իր թատերական միաւորը, որ գրեթէ տարեկան յաճախականութեամբ հանրութեան կը ներկայացնէ ազգային եւ միջազգային թատերական նիւթեր:
Գուրգէն Ասատուրեանի ջանքերով մասնաճիւղը սատար հանդիսացած է հաստատելու Համազգայինի երկու կարեւոր հիմնադրամներ՝ Ասատուրեան Ֆոնտ եւ Սեմերճեան Ֆոնտ, որոնք տարիներ շարունակ օգտակար դարձած են Համազգայինի տեղական եւ սփիւռքեան կարիքներուն:
Մասնաճիւղը նաեւ հիւրընկալած է Հայաստանէն երգի եւ երաժշտութեան տաղանդաւոր խումբեր, ինչպէս նաեւ հրաւիրած է հայ մտաւորականներ թէ° Հայաստանէն եւ թէ սփիւռքի զանազան գաղութներէն:
7. Փրովիտենսի մասնաճիւղը, որ հիմնուած է 1994-ին, ունի 19 անդամներ: Մասնաճիւղի բոլոր աշխատանքներն ալ կը կատարուին Վարչութեան կողմէ: Անոնք այլ շրջաններէ կը հրաիւրեն խումբեր եւ դասախօսներ: