07 May Press Release – For Immediate Release
«Համազգային»ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն. Շրջանային Վարչութեան «ՄինասեւԳոհարԹէօլէօլեան» Ժամանակակից Գրականութեան Մրցանակ 2021
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւելեան Ա.Մ.Ն. Շրջանային Վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ բացուած է «Մինաս և Գոհար Թէօլէօլեան» ժամանակակից գրականութեան 2021 թ․ մրցոյթը։ Նախորդ մրցոյթներուն նման, նախատեսուած են երկու մրցանակներ, մին հայերէնով եւ երկրորդը` անգլերէնով գրուած գործերու համար։
Այս մրցանակը կը կրէ հայ գրականութեան երախտաւոր, գրաքննադատ եւ «Հայրենիք» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր, գրականագէտ Մինաս Թէօլէօլեանի ու իր կողակցին` հայոց լեզուի և գրականութեան վաստակաշատ ուսուցչուհի Գոհար Թէօլէօլեանի անունը:
Մրցանակը կը շնորհուի Հիւսիսային Ամերիկա բնակող շնորհալի հեղինակներու: «Համազգային»ի հիմնական նպատակն է այս մրցանակի միջոցով քաջալերել ու լայն հանրութեան հասցնել հայերէն լեզուով կամ հայկական նիւթերու մասին գրող հեղինակներուն: Գրութիւնները կրնան ներկայացուիլ գրական որեւէ ձեւով՝ բանաստեղծութիւն, պատմուածք, վէպ, նորավէպ, թատրերգութիւն, ինչպէս նաեւ յուշագրութիւն, մտորումներ և գրական վերլուծութիւններ: Նիւթերը կրնան ըլլալ ցարդ անտիպ, կամ տպագրուած 2019-2020 թուականներուն: Մրցոյթը շահող երկու յաղթողներէն իւրաքանչիւրը կը պարգեւատրուի 1.500 տոլարով։
Դատական կազմի անդամներն են. Դոկտ. Սիմա Աբրահամեան (Մոնթրէալ), Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճըրզի), Պրն. Կարէն Ջալլաթեան (Գալիֆորնիա), Անուշ Ակներեան (Մոնթրէալ) եւ Դոկտ. Միրնա Տուզճեան (Քալիֆորնիա): Մրցանակաբաշխումը տեղի պիտի ունենայ 2021 թ. Հոկտեմբերին:
Դիմորդներու (PDF) ստեղծագործութիւնները պէտք է մեզի հասած ըլլան մինչեւ Յուլիս 15, 2021, հետեւեալ հասցէին. tololyan_award@hamazkayin-usa.org
Դիմորդները պարտին ամբողջացնել մրցոյթի դիմումնագիրը, որուն հայերէն եւ անգլերէն տարբերակները, ինչպէս նաեւ մրցանակաբաշխութեան կանոնները զետեղուած են համացանցի հետեւեալ էջին վրայ. http://bit.ly/167vSsM
Այս մրցանակի նիւթական յատկացումը կ՚իրագործուի Սան Ֆրանսիսքոյաբնակ Տէր եւ Տիկին Եդուարդ եւ Վերժին Մսըրլեաններու առատաձեռնութեան շնորհիւ:
«Համազգային»ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն. Շրջանային Վարչութիւն
հար Թէօլէօլեանի անունը:
No Comments