02 Sep Համազգային ArtLinks Երիտասարդական Ցանցի 2018-ի հաւաքը
Համազգային մշակութային միութիւնը տարիներէ ի վեր իր գրկին մէջ փայփայած է հայ մանուկն ու հայ երիտասարդը, անոնց սրտին մէջ ցանելով հայապահպանման եւ հայակերտման սերմեր։ Սփիւռքի տարածքին, Համազգայինը իբրեւ փարոս, հայ երիտասարդը կ՚առաջնորդէ դէպի հայկական ինքնութեան արժեւորման ուղիները, զանոնք հեռու պահելով օտարամոլութեան դարձդարձիկ ճանապարհներէն։ Այս փառահեղ կազմակերպութեան տարեկան ծրագիրներու շարքին մաս կը կազմէ Համազգայինի Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկաներու ու Գանատայի Շրջանային վարչութիւններու նախաձեռնած Համազգային Երիտասարդական Ցանցը՝ Hamazkayin ArtLinks, որ դարձած է երիտասարդներուն հոգեհարազատ ծրագիր մը։
Տարեկան այս ծրագիրը, ամրան շաբաթավերջի մը կը խմբաւորէ հայ ուսանողներ ու անուանի արուեստագէտներ, որոնք կը գտնուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի տարածքին, քննարկելու հայկական մշակութային խնդիրներ, որոնք կ՚ընդգրկեն հայ գրականութիւն, հայկական երգ, պար, ասմունք եւ հայ երիտասարդի ամենօրեայ մտահոգութիւններ՝ պահպանելու համար հայու ոգին, ինքնութիւնն ու մշակոյթը։
Այս տարի, Համազգայինի կազմակերպած մշակութային ցանցը տեղի ունեցաւ Յունիս 28-էն Յուլիս 1-ի շաբաթավերջին՝ Ֆիլատելֆիոյ բնութեան հիւրընկալ գիրկը՝ Էլվըրսըն ծայրամասին մէջ՝ գեղեցիկ հոգեւոր հաստատութեան մը կալուածին վրայ։ Մասնակիցները կը բաղկանային մօտաւորապէս 35 անդամներէ, 21-էն 35 տարիքային խմբաւորման դրսեւորմամբ։ Մթնոլորտը շաղախուած էր հայրենասիրութեամբ… մշակութասէր ապրումներ կը թափանցէին իւրաքանչիւրի հոգին։
Օր առաջին. նորանոր մտքերու ծնունդ
Առաւօտեան, գեղեցիկ բնութեան գիրկը, խումբ մը առոյգ երիտասարդներ՝ ընկերուհի Մարալ Վարժապետեանի առաջնորդութեամբ, yoga-ի մարզանքով դիմաւորեց սպասուած օրը։ Յաջորդաբար, ArtLinks ծրագրի պատասխանատուներէն Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան, դասախօսեց հրապարակախօսութեան` այսինքն public speaking-ի մասին։ Ապա, ան դասախօսութիւնը աւարտեց՝ երիտասարդներուն առիթ ընծայելով խօսելու տարբեր թեմաներու մասին. անոնք մի քանի վայրկեան իրենց երեւակայութեան սլացք ընծայեցին ու իրենք զիրենք գտան հսկայական հանրային բեմերու վրայ։
Յաջորդ դասախօսութիւնը յանձն առած էր Մաթեու Քարանեան՝ փաստաբան եւ լուսանկարիչ, որուն տասնեակ մը այցելութիւնները դէպի Արեւմտեան Հայաստան ամփոփուած են երկու կարեւոր ճամբորդական գիրքերու մէջ։ Այդ լուսանկարները մասնակիցներուն ցոյց տալով, Քարանեան խօսեցաւ իր փորձառութեան մասին՝ այցելութիւն դէպի պապենական Հող, որ յատկանշական էր անոր զգացական ներաշխարհին համար։ Առ այդ, ան առաջադրանք ներկայացուց երիտասարդներուն համացանցին մէջ տեղադրելու իմաստալից նկարներ, որոնք կ՚ամփոփեն հաւաքի փորձառութիւնները ու գեղեցիկ պատկերով մը կ՚իմաստաւորեն Համազգայինի կեանքը։ Մրցումին յաղթական նշանակուող երկու երիտասարդները պարգեւատրուեցան անոր հրատարակած նորագոյն գիրքով։
Օրը շարունակուեցաւ հայ գրականութեան եւ ասմունքի արժեւորման դասախօսութեամբ՝ արեւմտահայ բանաստեղծուհի՝ Վեհանուշ Թեքեանի գլխաւորութեամբ։ Հայ գրականութեան զարգացման յեղաշրջման մասին բացատրութիւն տալով, Թէքեան յանձնարարեց երիտասարդներուն ստեղծագործել հայերէն գրութիւն մը, որ կ՚անդրադառնայ իւրաքանչիւր մասնակիցի հայ ինքնութեան անձնական արժեւորման։ Առ այդ, երիտասարդներուն հոգիները թեւածեցին դէպի Հայաստանի հորիզոնները, ու անոնց մտքերը թռիչք առին՝ հասնելով Արեւմտեան Հայաստան։
Առաջին օրը իր աւարտին հասաւ հայկական պարի դասընթացքով՝ Համազգայինի Տիթրոյիթի «Արաքս» պարախումբի պարուսոյց՝ Տիկին Նայիրի Կարապետեանի գլխաւորութեամբ։ Ան իմաստալից բացատրութիւն տուաւ հայկական պարի տարբեր շարժումներու ծագման մասին։ Երիտասարդները, համախմբուելով անոր շուրջ, հայկական աւանդական շարժումներով աւարտին հասցուցին առաջին օրուան արկածախնդրութիւնները, եւ լիաթոք ապրումներով սպասեցին երկրորդ օրուան արշալոյսի ծագման։
Օր երկրորդ. կամուրջ հին եւ նոր մտքերու միջեւ
Յաջորդ առաւօտ, երիտասարդները շարունակեցին բանաստեղծուհի Վեհանոյշ Թեքեանի վարած աշխատանոցի աշխատանքները։ Ան մասնակիցներուն առիթ շնորհեց՝ հայրենասիրութեան պոռթկումէ յառաջացած՝ զանազան ստեղծագործութիւններու ի յայտ գալուն։ Ուստի կամուրջ մը կառուցուեցաւ երիտասարդներուն եւ պատասխանատուներուն միջեւ, կամուրջ մը՝ որ շաղկապեց անցեալն ու ներկան, եւ որուն միջոցաւ հայ գրականութեան հանդէպ մօտեցման հին եւ նոր ձեւերը պահ մը հանդիպեցան, եւ այդպիսով, անգիտակցաբար, ArtLinks-ը հասաւ իր գերագոյն նպատակի իրագործման. Այդ անտեսանելի կամուրջին վրայ՝ հայ գրականութիւնը ապրեցաւ նորանոր նուաճումներ…
Յաջորդաբար, լրագրող Րաֆֆի Խաչատուրեան երիտասարդներուն տեղեկացուց իր փորձառութեան մասին՝ The New Yorker պարբերաթերթին համար իր աշխատանքի գծով։ Երբ զրոյցը շարունակուեցաւ՝ երիտասարդ մը անոր հարց ուղղեց, թէ ինչպէ՞ս այս օրերուն տակաւին պահանջը կայ թերթի օգտագործման։ Ան բացատրեց թէ պահանջը միշտ ալ ներկայ է երբ գրութիւնը ուղղուած է ժողովուրդին եւ կը շօշափէ անոնց մտահոգութիւնները։
Փոքր ընդմիջման մը յաջորդեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ Թերեզա Երիմեանի դասախօսութիւնը, որ կ՚ամփոփէր այն միտքը, թէ ամերիկեան շրջապատին մէջ մեծագոյն դեր կը խաղայ հայկական հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կապը իրարու հետ, յանուն ամերիկահայ ժողովուրդին օգտին։ Ապա, մասնակիցները դիտեցին տեսերիզ մը, որ խորհրդանշական էր համազգայնական ոգիի ուժեղացման տեսակէտէն, բացատրելով Համազգայինի մեծ ընտանիքին տարած աշխատանքը աշխարհի տարբեր երկիրներու եւ հայկական գաղութներու մէջ, հետապնդելով խորիմաստ նպատակ մը, որ կը ծառայէ հայ մշակոյթի պահպանման ու զագացման սփիւռքի տարածքին։
Ապա, Ասիա Դարբինեան դասախօսեց Հայաստանի ներկայ իրավիճակին, «թաւշեայ յեղափոխութեան» մէջ հայ կնոջ կարեւորագոյն դերին մասին, Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին։ Ան շեշտեց, թէ Հայաստանի քաղաքական եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ, հայ կնոջ դերը դրական արդիւնք կ՝ապահովէ թէ՛ մեր երկրին եւ թէ՛ կնոջ արժեւորման մէջ։ Ան աւարտեց իր միտքը հաստատելով թէ Հայաստանի մէջ, հայ կնոջ ապագան այսօր կը գտնուի ապահով եւ դրական գետնի վրայ, զարգանալով դէպի ապագայ նորանոր արշալոյսներու ուղղութեամբ։
Երիտասարդներուն միջեւ զարգացած զրոյցը շարունակելով՝ ընկերուհի Լիլի Թորոսեան բացատրեց Համազգայինի Հ-ԲԵՄ ծրագրին մասին, որուն նպատակն է սփիւռքի մէջ գտնուող երիտասարդներուն ծանօթացնել հայկական արուեստին եւ մշակոյթին մասին։ Տեղեկութեան համար հայ երիտասարդները կրնան այցելել՝ www.h-pem.com ։
Զրոյցը շարունակուեցաւ ընկերուհի Գարին Վանի առաջնորդութեամբ, որ փոխ-խմբագիրն է The Armenian Weekly հայկական շաբաթաթերթին։ Բացատրելով հայկական շրջանակին մէջ թերթի կարեւորութեան մասին, ան քաջալերեց երիտասարդները, բարձրացնելու իրենց ձայնն ու մտահոգութիւնները հայկական հարցերու շուրջ, գրելով տարբեր նիւթերու մասին, հայերէն կամ անգլերէն լեզուներով։
Օրուան յայտագիրը իր աւարտին հասաւ հայկական պարի շարժումներու շարանով. Ծաղկաձորն ու Սասունը շարունակուեցան հայօրէն. ուստի, մասնակիցները մէկտեղ համախմբուելով, անգամ մը եւս վերապրեցան հայկական պարի զօրութիւնը, եւ Արարատի լանջէն հեռու, Ֆիլատելֆիոյ կանաչագեղ ծառերուն տակ, դարձեալ հայօրէն հնչեց մեր պապենական քոչարին…
Վերջապէս, ամերիկահայ եւ գանատահայ տարեկիցներուս կոչ կ՚ուղղեմ մասնակցելու Համազգայինի մեծ ընտանիքի մշակութային ցանցի՝ ArtLinks-ի յաջորդ հաւաքին, որ 2019 թուականի ամրան տեղի պիտի ունենայ Գանատայի մէջ, ձեռք բերելու համար ընկերական նորանոր կապեր եւ զգալու հայկական ոգիի զօրութիւնը իւրաքանչիւրի կեանքէն ներս։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ հետեւեցէ՛ք Hamazkayin ArtLinks կայքէջին։
Միրնա Գասամանեան
No Comments