01 Dec Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» Ժամանակակից Գրականութեան Մրցանակի 2017թ. Արդիւնքը
Արեւելեան Ա.Մ.Ն-ի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութիւնը կը տեղեկացնէ չորրորդ «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» Ժամանակակից Գրականութեան Մրցանակաբաշխութեան արդիւնքը: Այս տարի մրցանակի կ՛արժանանայ Քրիստոֆըր Ադամեանի A Poet in Washington Heights բանաստեղծութիւններու հաւաքածոն։
Ադամեան ստացած էր «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» Ժամանակակից Գրականութեան առաջին մրցանակը իր Նիկողոս Սարաֆեանի «Վենսենի անտառը» գործի անգլերէն թարգմանութեան համար։
Ադամեան Նիւ Եօրք կը բնակի եւ ծանօթ է որպէս գրող ու թարգմանիչ։
Դատական կազմը հանգեցաւ այս որոշումին երկար խորհրդածութիւններէ ետք։
Մրցանակը իր կարկինը բաւական լայն բացած է, ընդունելով բազմաժանր գործեր, սակայն անունը «ժամանակակից գրականութեան մրցանակ» է, ուստի դատական կազմը դիտել տուաւ թէ նախընտրութիւնը գրական գործերուն պէտք է երթայ։ Առ այդ, նախընտրութիւնը Ադամեանին է, որու ներկայացուցած երկը ամենէն աւելի կը ցուցաբերէ արուեստի զգացողութիւն եւ գրողի յանդգնութիւն։
Ծանօթ մրցոյթներ մէկէ աւելի մրցանակ տուած են եւ կու տան նոյն անձին. օրինակ՝ Pulitzer Prize for Fiction, Man Booker Prize, Nobel Prize (գոնէ գիտութեան մէջ), Governor General’s Literary Award (Canada), եւ Giller Prize (Canada)։
«Համազգային»ի այս մրցանակը կը կրէ հայ գրականութեան երախտաւոր, գրաքննադատ, «Հայրենիք» պարբերականի երկարամեայ խմբագիր Մինաս Թէօլէօլեանի ու իր կողակցի` հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Գոհար Թէօլէօլեանի անունը:
Այս մրցանակը կը շնորհուի Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ բնակող շնորհալի հեղինակներուն: «Համազգային»ի հիմնական նպատակն է մրցանակի միջոցով քաջալերել այն հեղինակներուն, որոնք կը գրեն հայերեն կամ հայեցի նիւթերու մասին: Իւրաքանչիւր մրցանակակիրի նիւթական պարգեւն է $1.500: Գրութիւնները կրնան ըլլալ գրական որեւէ հիմնական ձեւի մէջ. բանաստեղծութիւն, պատմուածք, վէպ, նորավէպ, թատերգութիւն, ինչպէս նաեւ յուշագրութիւն, մտորումներ եւ գրական վերլուծութիւններ: Մրցոյթի մասնակիցները պէտք է ծագումով հայազգի ըլան եւ կամ ներկայացուած գրուածքի բովանդակութիւնը հայութեան վերաբերող նիւթ պարունակէ:
Այս մրցանակի նիւթական յատկացումը առատաձեռնօրեն ստանձնած են Սան Ֆրանսիսքոյաբնակ Տէր եւ Տիկին Եդուարդ եւ Վերժին Մսրլեաններ: Դատական կազմի անդամներն են՝ Դոկտ. Սիմա Աբրահամեան (Մոնթրէալ), Օր. Անոյշ Ակներեան (Մոնթրէալ), Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան (Նիւ Ճըրզի), Պրն. Գուրգէն Արզումանեան (Քալիֆորնիա)։
No Comments