Author: adminhamusa

8, 9 եւ 10 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան 2018-2022 քառամեակի Ա. լիակազմ ժողովը: Օրակարգի առաջին բաժինով, ժողովը ունկնդրեց շրջաններու գործունէութեանց տեղեկագրական զեկուցումները եւ գոհունակութեամբ հաստատեց, որ Համազգայինի նորաստեղծ կազմակերպական միաւորներու ցանցը հետզհետէ կը մեծնայ, եւ երիտասարդ համազգայնականներուն թիւը, յատկապէս Հիւսիսային Ամերիկայի շրջաններուն մէջ,...

Համազգային մշակութային միութիւնը տարիներէ ի վեր իր գրկին մէջ փայփայած է հայ մանուկն ու հայ երիտասարդը, անոնց սրտին մէջ ցանելով հայապահպանման եւ հայակերտման սերմեր։ Սփիւռքի տարածքին, Համազգայինը իբրեւ փարոս, հայ երիտասարդը կ՚առաջնորդէ դէպի հայկական ինքնութեան արժեւորման ուղիները, զանոնք հեռու պահելով օտարամոլութեան դարձդարձիկ ճանապարհներէն։ Այս փառահեղ...

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Փետրուար 15-ին, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանային Վարչութեան հրաւէրով, տեղի ունեցաւ Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Պոսթընի մասնաճիւղի տարեկան ընդհանուր ժողովը, որ գլխաւորաբար կեդրոնացաւ յառաջիկայ տարուան գործունէութեան ծրագիր մշակելու գործին վրայ: Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ մասնաճիւղի նոր վարչութիւն հետեւեալ կազմով.- Խաժակ Մկրտիչեան (ատենապետ), Վերժինի Թուլումեան (փոխ-ատենապետ), Սամուէլ Չաքմաքճեան...