ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻ ՓԱՌԱՀԵՂ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻ ՓԱՌԱՀԵՂ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

(Հայրենիք Շաբաթաթերթ)–«Համազգային»ի Նիւ Եորքի մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ թէ, իր հիմնադրութեան յիսնամեակին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկներուն հասոյթը՝ 15 հազար տոլար, ամբողջութամբ տրամադրած է Արցախի սահմանապահ զինուորներուն՝ արեան հոսքի դէմ սարքեր հայթայթելով:
Հիմնադրութեան յիսնամեակին, առթիւ Մայիս 4-էն 7, տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին գաղութէն ներս: Ստորեւ, այս ձեռնարկներուն մանրամասնութիւնները:

Նիւ Եորքի «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը հիմնադրուեցաւ 1967թ. Մայիսի 5-ին Նիւ Եորք Համալսարանի Լոպ Աշակերտական սրահին մէջ, ներկայութեամբ 55 երիտասարդներու: Նիւ Եորքի համայնքը մեծ խանդավառութեամբ քաջալեր հանդիսացաւ նորահաստատ մեր մասնաճիւղի գործունէութեան: Եւ ահա յիսուն տարի, առանց դադարի, պահեցինք ու պահպանեցինք մեզի վստահուած մշակութային ժառանգը եւ ամէն ճիգ թափեցինք զայն փոխանցելու մեզի յաջորդող սերունդին: Յիսնամեա՜կ… ամբարուած ճիգ, անսահման նուիրում, անխախտ հաւատք… Իրագործումներու ամբողջական ցանկը պահ մը մէկդի դնելով, նշենք, որ վերջին յիսուն տարիներուն, 2311 հոգի գործօն մասնակցութիւն բերած են մեր կազմակերպած մշակութային ձեռնարկներուն, անոնցմէ 1591 հոգի, այսինքն 69%, պարման պարմանուհիներ էին: Մասնաճիւղի երգչախումբին մասնակցեր են 614 հոգի, թատերախումբին՝ 405 հոգի: Իսկ արտասանական եւ գիտելիքներու մրցոյթներին՝ 842 պարման-պարմանուհի: Փառատօնը կու գար այս բոլորի հաւաքական ճիգին առջեւ խոնարհելու:

Փառատօնի մտայղացումը, ծրագրումը եւ գորածդրութիւնը աշխատանքն էր հիմնադիր անդամ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի: Ան խմբագրեց 145 էջերէ բաղկացած Յուշամատեանը, բարեձեւեց յայտարարութիւնները, ճշդեց ասուլիսի նիւթերը, ապահովեց թէ՛ ասուլիսի, թէ՛ մշակութային ձեռնարկի մասնակիցները եւ մարմնաւորեց Խրիմեան Հայրիկի տիպարը եւ կեանքի դրուագները իր թատրերկով:

Յիսնամեակի ծրագրումը երկու նպատակ կը հետապնդէր՝ Առաջին- Մեր ազգային գոյատեւման պայքարին մէջ, նշել մշակութային միութեան մը յիսնամեայ ՅԱՐԱՏԵՒ գործունէութիւնը, որպէս յիշեցում՝ ինքնագիտակցութեան հիմքի եւ համահայկական յարատեւութեան մտահոգութեան մասնակցութեան: Երկրորդ- Այս քառօրեայ ծրագիրը մեր պատասխանն էր անցեալ տարուայ Ատրպէյճանի՝ քառօրեայ չար միտումին՝ ոչնչացնելու Արցախը: Անոնք դիւահար պատերազմի դիմեցին, ահա, մենք լոյս կը սփռենք, մարդկային վեհութիւններ կը տօնախմբենք: Արցախ իր մարդկային իրաւունքներու տէր է եւ պատմութեան մէջ դեր ունի կատարելիք: Մեր զօրակցութիւնը Արցախին, անքակտելի է եւ անոր ապահովութիւնը մեր գերագոյն պարտքն է: Այս իսկ նպատակով Փառատօնի հասոյթը ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ կը նուիրենք Արցախի սահմանապահ զինուորներու կեանքը փրկող, արեան հոսքը կասեցնող յատուկ սարքեր տրամադրելուն համար:

Քառօրեայ ծրագիրներէն երեքը տեղի ունեցան Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Փաշալեան սրահին մէջ իսկ չորրորդը՝ Հայ Կեդրոնին մէջ: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ս. Լուաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ արժանապատիւ Տէր Մեսրպ Լագիսեանին եւ ՀՅԴ Արմէն Գարօ Կոմիտէին, որոնք իրենց սրահները տրամադրեցին մեր ձեռնարկներուն համար: Մասնաւոր շնորհակալութիւն Լալիկ Վարդանեանին իր բացառիկ օժանդակութեան համար: Խորին շնորհակալութիւն Զենոբ Թոմաքեանին եւ Թամար լագիսեանին լուսանկարներուն համար: Ստորեւ ձեռնարկներուն նկարագրակնները:

No Comments

Post A Comment