Շաբաթ, Մայիս 6-ին, Նիւ Եորքի Հայ Կեդրոնին (Քուինզ շրջան) մէջ, տեղի ունեցաւ «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւելեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 41-րդ շրջանային ժողովը, մասնակցութեամբ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն եւ հիւրաբար հրաւիրուած ներկաներու: Կեդրոնական Վարչութիւնը կը ներկայացնէր Հրայր Պարոնեանը, իսկ շրջանի Հ.Յ.Դ.-ի Կեդրոնական Կոմիտէն՝ Յովսէփ Աւագեանը: Հրայր Պարոնեան խօսք առնելով, յայտնեց թէ յատկապէս պէտք է ներգրաւել […]
