(Հայրենիք Շաբաթաթերթ)–«Համազգային»ի Նիւ Եորքի մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ թէ, իր հիմնադրութեան յիսնամեակին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկներուն հասոյթը՝ 15 հազար տոլար, ամբողջութամբ տրամադրած է Արցախի սահմանապահ զինուորներուն՝ արեան հոսքի դէմ սարքեր հայթայթելով: Հիմնադրութեան յիսնամեակին, առթիւ Մայիս 4-էն 7, տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին գաղութէն ներս: Ստորեւ, այս ձեռնարկներուն մանրամասնութիւնները.– Նիւ Եորքի «Համազգային» Հայ Կրթական եւ […]
