Bylaws

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
Ա.Մ.Ն. Արեւելեան ՇՐՋԱՆԻ
ՆԵՐՔԻՆ ԿԱՆՈՆԱԳԻՐ

 

  1. ՆԵՐՔԻՆ ԿԱՆՈՆԱԳԻՐ

           

Յօդ. 6.1 – Մեկուսի Կազմերու, Միաւորներու եւ Շրջաններու ներքին կանոնագիրները կը մշակուին Շրջանային ժողովներուն կամ Մեկուսի Կազմերու Ընդհանուր ժողովներուն կողմէ:

Յօդ. 6.2 – Ներքին կանոնագիրները կը պարունակեն Ընդհանուր Կանոնագրի բոլոր յօդուածները, այլեւ Մասնաճիւղերու, Մեկուսի Կազմերու, Միաւորներու եւ Շրջաններու վերաբերեալ բաժիններ, եւ կրնան պարունակել յաւելեալ յօդուածներ ընդհանուր կանոններու, ժողովավարական կանոններու եւ այլ բաժիններու մէջ:

Յօդ. 6.3 – Ներքին կանոնագիրները կը վաւերացուին Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ:

ԱՄՆ Արեւելեան ՇՐՋԱՆԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

Յօդ. 6.4 – ԱՄՆ Արեւելեան Շրջանին կը վերաբերին այս բաժնին յաջորդ յօդուածներն ու թիւ 7-էն թիւ 12 բաժինները։ 

Յօդ. 6.5  – ԱՄՆ Արեւելեան Շրջանին ներքին կանոնագրին մէջ փոփոխութիւններ կրնան կատարուիլ, այնքան ատեն որ չեն հակասեր Ընդհանուր Կանոնագրի հիմունքներուն. այդ փոփոխութիւնները կրնան արդիւնք ըլլալ Շրջանի օրինական եւ ընկերային իւրայատուկ ըմբռնումներուն կամ պայմաններուն:

Յօդ. 6.6  – Փոփոխութեան առաջարկները Մասնաճիւղի մը վարչութեան կամ անդամներուն կողմէ կը ներկայացուին Մասնաճիւղի տարեկան ընդհանուր ժողովին կամ արտակարգ ընդհանուր ժողովի մը:

Յօդ. 6.7 – Փոփոխութեան առաջարկները ընդհանուր ժողովին կողմէ կը վաւերացուին ներկայ ձայներու երկու երրորդի մեծամասնութեամբ: Փոքրամասնութեան տեսակէտը նոյնպէս կը փոխանցուի Շրջանային վարչութեան:

Յօդ. 6.8 – Փոփոխութեան առաջարկները Շրջանային ժողովէն առնուազն երեք ամիս  առաջ կ՚ուղարկուին Շրջանային վարչութեան:

Յօդ. 6.9 – Փոփոխութեան առաջարկները Շրջանային վարչութեան կողմէ կը տեղեկացուին Մասնաճիւղերու վարչութիւններուն` համապատասխան ժողովներէն քննուելու համար, Շրջանային ժողովի գումարումէն առնուազն երեսուն (30) օր առաջ:

Յօդ. 6.10 – Շրջանային ժողովը կը վաւերացնէ այդ առաջարկները, ներկայ ձայներու երկու երրորդի մեծամասնութեամբ:

Յօդ. 6.11 – Շրջանային ժողովին կողմէ վաւերացուած փոփոխութեան որոշումները, Կեդրոնական վարչութեան հաւանութիւնը ունենալէ ետք, ի զօրու կը դառնան բոլոր մասնաճիւղերուն համար:

  1. ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

Յօդ. 7.1 – ԱՄՆ Արեւելեան Շրջանը կը գործէ Աշխարհագրական Մասնաճիւղերու դրութեամբ։

Յօդ. 7.2 –  Նուազագոյնը 7 անդամներ հաշուող խմբաւորում մը կրնայ մասնաճիւղ դառնալ:

Ծանօթ.- Բացառիկ պայմաններու մէջ, Մեկուսի Վարչութեան, Շրջանային Վարչութեան կամ Կեդրոնական Վարչութեան արտօնութեամբ,  Մասնաճիւղի  անդամներուն  թիւը  կրնայ  7-էն պակաս ըլլալ։

Յօդ. 7.3 – Մասնաճիւղի կազմութեան նախաձեռնող կրնայ ըլլալ Շրջանային վարչութիւնը: Այս նախաձեռնութիւնը կրնայ գալ նաեւ Շրջանի մը մէջ հայ մշակոյթով հետաքրքրուող անհատներէ, որոնք կ՚իւրացնեն Համազգայինի Կանոնագրի դրոյթները եւ մասնաճիւղ մը կազմելու համար հաւաքական դիմում կը կատարեն Շրջանային վարչութեան:                    

Յօդ. 7.4 – Մասնաճիւղի մը կազմութիւնը վաւերական կը դառնայ Շրջանային վարչութեան հաստատումով:                    

Յօդ. 7.5 – Մասնաճիւղը կրնայ ունենալ  իր  նահանգի  պաշտօնական  ճանաչումը (Charter):                    

Յօդ. 7.6 – Նկատի  ունենալով  նահանգի  օրինական  պահանջները,  մասնաճիւղը կ՚ունենայ իր ներքին Ծրագիր-Կանոնագիրը` պատշաճեցուած  սոյն  Կանոնագրին եւ վաւերացուած Շրջանային վարչութեան կողմէ:

Յօդ. 7.7 – Ի հարկին, որեւէ մասնաճիւղի տարեկան կամ բացառիկ անդամական ընդհանուր ժողովը կրնայ լուծարուած յայտարարել մասնաճիւղը` մասնաճիւղի անդամներու ընդհանուր թիւի  երկու երրորդէն աւելիի որոշումով եւ Շրջանային վարչութեան հաւանութեամբ:

Յօդ. 7.8 – Ի հարկին, որեւէ մասնաճիւղի տարեկան կամ բացառիկ անդամական ընդհանուր ժողովը կրնայ լուծարուած յայտարարել մասնաճիւղը` մասնաճիւղի անդամներու ընդհանուր թիւի երկու երրորդէն աւելիի որոշումով եւ Շրջանային վարչութեան հաւանութեամբ:           

  1. ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ

Յօդ. 8.1 – Ընդհանուր Անդամական ժողովը մասնաճիւղի մը գերագոյն ժողովն է:          

Յօդ. 8.2 – Ընդհանուր Անդամական ժողով կը գումարուի տարին առնուազն երկու անգամ: 

Յօդ. 8.3 – Հաշուական տարեփակին գումարուող ընդհանուր ժողովը կը կոչուի ընդհանուր ժողով, եւ տեղի կ՚ունենայ մասնաճիւղի վարչութեան գրաւոր հրաւէրով, ուր նշուած կ’ըլլայ ժողովին օրակարգը:        

Յօդ. 8.4 – Շրջանային ժողով գումարուած տարին, ընդհանուր ժողովը կ՚ունենայ նուազագոյնը երկու նիստեր, որոնց  առաջինը կը  գումարուի Շրջանային ժողովին նախորդող երեսուն օրերուն  ընթացքին:    

Յօդ. 8.5 – Ընդհանուր ժողովի առաջին նիստը կը տանի  հետեւեալ աշխատանքները.               

8.5.1 – Կ՚ընտրէ իր դիւանը, բանաձեւի, հաշուեքննիչ, արխիւային եւ քուէախոյզ  յանձնախումբերը, որոնց իրաւասութիւնները կ՚աւարտին ժողովի փակումին.               

8.5.2 – Կը քննէ շրջանաւարտ վարչութեան գործունէութիւնը, նիւթական                հաշուեկշիռը եւ հաշուեքննիչ ու արխիւային յանձնախումբերու զեկուցագրերը.       

8.5.3 – Կը քննէ եւ կը լուծէ մասնաճիւղի առկախ հարցերը.   

8.5.4 – Ի հարկին կը վերամշակէ ներքին կանոնագիրը, համաձայն սոյն Կանոնագրի տրամադրութիւններուն.    

8.5.6 – Կը բանաձեւէ ընդհանուր գործունէութեան վերաբերեալ իր տեսակէտները, թելադրանքներն ու որոշումները` Շրջանային ժողովին փոխանցելու համար.  

8.5.7 – Կ՚ընտրէ մասնաճիւղի ներկայացուցիչները` Շրջանային ժողովին                մասնակցելու համար, ըստ սոյն կանոնագրի սահմանումներու:

 

Յօդ. 8.6 – Ընդհանուր ժողովի երկրորդ նիստը կը գումարուի Շրջանային ժողովին յաջորդող երկու շաբաթներուն ընթացքին, դիւանի գրաւոր հրաւէրով, եւ կը տանի հետեւեալ աշխատանքները.                                

8.6.1 – Կ՚ունկնդրէ Շրջանային կամ Պատգամաւորական ժողովներէն վերադարձած ներկայացուցիչներու զեկոյցը.    

8.6.2 – Կը կատարէ առաջարկներ եւ թելադրութիւններ յառաջիկայ շրջանին  գործունէութեան համար. 

8.6.3 – Կ՚ընտրէ հաշուեքննիչ եւ արխիւային յանձնախումբեր յառաջիկայ շրջանին համար.  

            Ծանօթ.- Ընդհանուր Ժողովը, եթէ անհրաժեշտ նկատէ, կրնայ ընտրել նախորդ Ընդհանուր ժողովի ընտրած հաշուեքննիչ եւ արխիւային թուղթերու քննիչ յանձնախումբերը փոխարինող նոր յանձնախումբեր։

 8.6.4 – Կ՚ընտրէ ընտրական ցանկի յանձնախումբ, որ կը զբաղի յաջորդ շրջանին գալիք վարչութեան թեկնածուներու ցանկի պատրաստութեամբ։ Սոյն յանձնախումբը պարտի ընտրութենէն բաւարար ժամանակ առաջ սկսիլ թեկնածուներու որոնումը եւ հաւաքել թեկնածութեան առաջարկներ՝ ընդհանուր ժողովին ներկայացնելու համար։      

            Ծանօթ.- Ընդհանուր Ժողովը, եթէ անհրաժեշտ նկատէ, կրնայ ընտրել նախորդ Ընդհանուր ժողովի ընտրած ընտրական ցանկի յանձնախումբը փոխարինող նոր յանձնախումբ մը։

8.6.5 – Կը ճշդէ տարեկան անդամավճարի սակը.    

8.6.6 – Կ՚ընտրէ նոր վարչութիւն:          

Յօդ. 8.7 – Մասնաճիւղի արտակարգ ընդհանուր ժողով կը գումարուի՝           

8.7.1 – Վարչութեան հրաւէրով.            

8.7.2 – Անդամներու մեծամասնութեան պահանջով.              

8.7.3 – Արտակարգ պայմաններու մէջ, Շրջանային վարչութեան հրաւէրով:

            Ծանօթ.- Վարչութիւնը պարտաւոր է ընդհանուր ժողովի թուականն ու վայրը տեղեկացնել բոլոր անդամներուն եւ Շրջանային վարչութեան, ընդհանուր ժողովի թուականէն նուազագոյնը երկու շաբաթ առաջ:

Յօդ. 8.8 – Մասնաճիւղի ընդհանուր ժողովը օրինաւոր կը նկատուի երբ ժողովին ներկայ կ՚ըլլայ մասնաճիւղի անդամներու պարզ մեծամասնութիւնը, ընդհանուր թիւէն հանելէ ետք բանաւոր բացակաները: Սակայն, ընդհանուր ժողովի գումարման որոշուած ժամանակէն կէս ժամ ետք եթէ պահանջուած մեծամասնութիւնը չէ գոյացած, ժողովը օրինաւոր կը նկատուի: Սոյն տրամադրութիւնը պէտք է յիշուի ժողովի հրաւէրին մէջ:                     

Յօդ. 8.9 – Ընդհանուր ժողովի այն օրակարգի նիւթերուն որոնց համար վարչութիւնը համարատու է, վարչութիւնը կը մասնակցի մէկ իրաւասու ձայնով (որոշուած` վարչութեան կողմէ), իսկ մնացեալ անդամները` խորհրդակցական ձայնով:                     

Յօդ. 8.10 – Ընդհանուր ժողովի որոշումները կը տրուին եւ ընտրութիւնները կը կատարուին ձայներու պարզ մեծամասնութեամբ, բացի Կանոնագրով ճշդուած յատուկ պարագաներէ:

Յօդ. 8.11 – Մասնաճիւղի ընդհանուր ժողովին իրաւասու ձայնով կը մասնակցին բոլոր անդամները եւ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, իսկ խորհրդակցական ձայնով` Շրջանային վարչութեան մնացեալ անդամները։                   

Յօդ. 8.12 – Ընդհանուր ժողովներուն չեն կրնար քուէարկել, ընտրել կամ ընտրուիլ այն անդամները, որոնք չեն կատարած իրենց նիւթական պարտաւորութիւնները:

Յօդ. 8.13 – Մասնաճիւղ մը կը գումարէ նաեւ տարին առնուազն չորս անդամական հերթական ժողովներ, զեկուցական կամ այլ անմիջական գործերու եւ հարցերու համար:      

Յօդ. 8.14 – Մասնաճիւղի վարչութեան դիւանը կը վարէ սոյն հերթական ժողովները:

  1. ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Յօդ. 9.1 – Վարչութիւնը կ՚ընտրուի մասնաճիւղի Ընդհանուր ժողովին կողմէ, երկու տարուան համար, գաղտնի քուէարկութեամբ եւ ձայներու պարզ  մեծամասնութեամբ: Վարչութեան անդամները վերընտրելի են եւս երկու յաջորդական շրջան:

Յօդ. 9.2 – Նորընտիր վարչութիւն մը, դիւանի կազմութենէն ետք, գրաւոր կերպով կը վաւերացուի Շրջանային վարչութեան կողմէ:                           

Յօդ. 9.3 – Նորընտիր վարչութիւնը ընդհանուր ժողովէն մինչեւ երկու շաբաթ անց կ՚ընտրէ իր դիւանը եւ գրաւոր կերպով կը տեղեկացնէ Շրջանային վարչութեան:

Յօդ. 9.4 – Վարչութիւն մը իր շրջանին ընթացքին եթէ փոխէ իր դիւանը, նոյնպէս պարտի մինչեւ երկու շաբաթ տեղեկացնել Շրջանային վարչութեան՝ առ ի տեղեկութիւն եւ վաւերացում:

Յօդ. 9.5 – Վարչութիւնը կը բաղկանայ 3, 5, 7, 9 կամ 11 անդամներէ՝ ճշդուած Ընդհանուր ժողովին կողմէ: Անդամներէն ոեւէ մէկուն կամ երկուքին դադրեցման, հրաժարումին կամ երկարատեւ բացակայութեան պարագային, վարչութիւնը իր կազմը կ՚ամբողջացնէ, ըստ իր հայեցողութեան եւ Շրջանային վարչութեան հաւանութեամբ: Կէսէն աւելիի հրաժարումի եւ բացակայութեան պարագային` տե՛ս Ընդհանուր Կանոնագրի յօդ. 15.4-ը:

Յօդ. 9.6 – Վարչական ժողովներու վայրն ու հերթականութիւնը կ՚որոշուին վարչութեան կողմէ:

Յօդ. 9.7 – Վարչութեան դիւանը կը վարէ ժողովները, կ՚արձանագրէ տրուած որոշումները, կը կատարէ թղթակցութիւնները եւ կը հսկէ ժողովներու որոշումներու գործադրութեան:                     

Յօդ. 9.8 – Վարչութիւնը կը նշանակէ զանազան յանձնախումբեր, ըստ կարիքի (երգչախումբ, պարախումբ, թատերախումբ, գրական, գեղարուեստական, գրատարած եւայլն), իր աշխատանքները համակարգելու եւ անդամները գործնականորեն ներգրաւելու նպատակով:                       

Յօդ. 9.10 – Վարչութիւնը իւրաքանչիիւր յանձնախումբի մօտ կը նշանակէ իր ներկայացուցիչը, որ կրնայ իր կազմէն չըլլալ:             

Յօդ. 9.11 – Նորընտիր վարչութիւնը կը պատրաստէ գործունէութեան նախագիծ եւ նախահաշիւ որոնք կը ներկայացուին անդամական ժողովին։                      

Յօդ. 9.12 – Վարչութիւնները Շրջանային վարչութեան կանոնաւոր կերպով կը փոխանցեն իրենց նիստերու եւ ընդհանուր ժողովներու ատենագրութիւնները, տարեկան գործունէութեան տեղեկագիրի ինչպէս նաեւ տարեկան ծրագիրի պատճէնները` առ ի տեղեկութիւն:                            

Յօդ. 9.13 – Վարչութիւններու միջեւ կապերը կը պահուին Շրջանային վարչութեան գիտութեամբ, իսկ շրջանէն դուրս կապերը` Շրջանային վարչութեան եւ Կեդրոնական վարչութեան գիտութեամբ:                     

Յօդ. 9.14 – Վարչութիւնը պարտաւոր է Շրջանային վարչութեան ուղարկել իր տարեկան ցենզը, ճշդուած` Շրջանային ժողովին կողմէ:                               

Յօդ. 9.15 – Վարչութիւնները պատասխանատու են մասնաճիւղի ընդհանուր ժողովներու, Շրջանային ժողովներու եւ Շրջանային վարչութեան որոշումներու գործադրութեան:                     

Յօդ. 9.16 – Վարչութիւնները Շրջանային վարչութեան տնօրինումներուն դէմ պատճառաբանեալ առարկութիւններ ընելու իրաւունք ունին: Շրջանային վարչութեան երկրորդ պահանջին պարագային` որոշումին գործադրութիւնը կը դառնայ պարտաւորիչ:                     

Յօդ. 9.17 – Վարչութիւն մը, այլ մասնաճիւղի մը սահմաններէն ներս գործունէութիւն ունենալու համար, նախապէս պէտք է ստանայ Շրջանային վարչութեան արտօնութիւնը եւ տուեալ վարչութեան հաւանութիւնը:                     

Յօդ. 9.18 – Վարչութիւն մը կրնայ գործակցիլ հայ եւ օտար մշակութային միութիւններու հետ, նախապէս ստանալով Շրջանային վարչութեան հաւանութիւնը:

Յօդ. 9.19 – Շրջանային վարչութիւնը իրաւասու է լուծարելու այն վարչութիւնները, որոնք, առանց բանաւոր պատճառի, կը թերանան կանոնագիրով նախատեսուած իրենց պարտաւորութիւններուն մէջ:                      

Յօդ. 9.20 – Վարչութեան մը լուծարման պարագային, Շրջանային վարչութիւնը կը նշանակէ առժամեայ վարչութիւն մը, որ իր աշխատանքը կը տանի մինչեւ մասնաճիւղի ընդհանուր ժողովը, որ պէտք է գումարուի առաւելագոյնը 6 ամիսէն:

  1. ՄԻԱՒՈՐՆԵՐ

Յօդ. 10.1 – Միաւորներ    

10.1.1 – Միաւորները զուտ մասնագիտական գործունէութիւն ունեցող խմբակցութիւններ են, որոնք գործելու իրաւունք ունին իրենց վերաբերող մարզէն ներս:                     

10.1.2 – Գեղարուեստական իւրաքանչիւր խումբ (թատրոն, պարարուեստ, երաժշտութիւն, կերպարուեստ եւլն.) իբր միաւոր կրնայ գործել:                     

10.1.3 – Նորաստեղծ Միաւորները կը վաւերացնէ Շրջանային Վարչութիւնը:

Միաւորներու Վարչութիւնները համարատու են այն մարմնին, որուն կողմէ հաստատուած են (Աշխարհագրական Մասնաճիւղի մը Վարչութեան կամ Մեկուսի Վարչութեան կամ Շրջանային Վարչութեան)։             

10.1.4 – Միաւորները կրնան բաղկանալ Համազգայինի անդամներէ եւ ոչ անդամներէ:                      

10.1.5 – Միաւորները կ՚ունենան իրենց ներքին կանոնագիրը՝ վաւերացուած Շրջանային վարչութեան կողմէ:

  1. ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ        

Յօդ. 11.1 – Շրջանային ժողովը Շրջանի մը գերագոյն ժողովն է: Ան կը գումարուի մէկ կամ երկու տարին անգամ մը, Շրջանային վարչութեան հրաւէրով:

Յօդ. 11.2 – Արտակարգ շրջանային ժողով կը գումարուի`

11.2.1 – Վարչութիւններու կէսէն աւելիին առանձնաբար ներկայացուցած                պահանջով.            

11.2.2 – Շրջանային վարչութեան որոշումով` բացառիկ հարցի մը քննարկման եւ տնօրինման համար.            

11.2.3 – Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան պահանջով: 

Յօդ. 11.3 – Շրջանային ժողովին իրաւասու ձայնով կը մասնակցին`            

11.3.1 – Մասնաճիւղերու ներկայացուցիչները.            

11.3.2 – Մասնաճիւղերու վարչութիւններէն մէկական ներկայացուցիչ.            

11.3.3 – Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը.            

11.3.4 – Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչը.            

11.3.5 – ՀՅԴ շրջանի մարմնի ներկայացուցիչը:                                            

Յօդ. 11.4 – Մասնաճիւղի ընդհանուր ժողովը իր անդամներու իւրաքանչիւր 25-ին համար կ՚ընտրէ մէկ ներկայացուցիչ։ Յաւելեալ 15 եւ աւելի անդամներուն համար ժողովը կ՚ընտրէ եւս մէկ ներկայացուցիչ: Վարչութեան կազմէն մէկ անդամ կրնայ ներկայացուցիչ ըլլալ:                 

Յօդ. 11.5 – Շրջանային ժողովին խորհրդակցական ձայնով եւ ի պաշտօնէ կը մասնակցին`            

11.5.1 – Շրջանային վարչութեան անդամները.             

11.5.2 – Շրջանային յանձնախումբերու, հաշուեքննիչ ու արխիւներու քննիչ յանձնախումբերու անդամները, միաւորներու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչները.

11.5.3 – Կեդրոնական վարչութեան անդամները:            

11.5.4 – Համազգայինի այլ Շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչները:                  

Յօդ. 11.6 – Շրջանային ժողովին խորհրդակցական ձայնով կը հրաւիրուին իրաւասու ձայնով մասնակցողներու թիւին մէկ երրորդին համեմատութեամբ անդամներ, որոնք նուազագոյնը մէկ տարիէ ի վեր կ՚անդամակցին միութեան: Շրջանային վարչութիւնը իրաւասութիւն ունի հրաւիրեալներուն կէսը նշանակելու, իսկ մնացեալ կէսը` կ՚ընտրէ Շրջանային ժողովը:  Այս թիւին մաս չեն կազմեր վերոնշեալ ի պաշտօնէ հրաւիրեալները։                

Յօդ. 11.7 – Համազգայինի բոլոր անդամները կրնան Շրջանային ժողովին մասնակցիլ իբր ունկնդիր, յարգելով ժողովին կարգն ու կանոնը, եւ կանխաւ տեղեակ պահելով Շրջանային վարչութեանը:

Յօդ. 11.8 – Շրջանային ժողովը օրինաւոր կը նկատուի`            

11.8.1 – Երբ ներկայացուցիչներու թիւին կէսէն աւելին ներկայ է.                

11.8.2 – Երբ մասնաճիւղերու թիւին կէսէն աւելին ներկայ է:                 

Յօդ. 11.9 – Շրջանային ժողովին Շրջանային վարչութեան անդամներու մասնակցութեան ծախսերը կը հոգացուին Շրջանային վարչութեան կողմէ: Մասնաճիւղերը կը հոգան իրենց ներկայացուցիչներուն ծախսերը:                                

Յօդ. 11.10 – Շրջանային վարչութեան անդամը չի կրնար ներկայացուցիչ ընտրուիլ մասնաճիւղի մը կողմէ:                     

Յօդ. 11.11 – Շրջանային ժողովը կը տանի հետեւեալ աշխատանքները.            

11.11.1 – Կ՚ընտրէ իր դիւանը եւ բանաձեւի եւ քուէախոյզ յանձնախումբերը, որոնց իրաւասութիւնները կ՚աւարտին ժողովի փակումին, ինչպէս նաեւ՝ հաշուեքննիչ, արխիւային թուղթերու քննիչ յանձնախումբերը, որոնք յառաջիկայ տարուան Շրջանային ժողովին կը ներկայացնեն նորընտիր Շրջանային վարչութեան հաշիւներուն ու արխիւներուն վերաբերեալ իրենց տեղեկագիրները։   

            Ծանօթ.- Շրջանային Ժողովը, եթէ անհրաժեշտ նկատէ, կրնայ ընտրել նախորդ Շրջանային ժողովի ընտրած հաշուեքննիչ եւ արխիւային թուղթերու քննիչ յանձնախումբերը փոխարինող նոր յանձնախումբեր։      

11.11.2 – Կը քննէ շրջանաւարտ վարչութեան երկամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը եւ կը հանէ համապատասխան բանաձեւ:            

11.11.3 – Գալիք երկամեայ շրջանին համար կը ճշդէ նորընտիր Շրջանային վարչութեան գործունէութեան ուղեգիծը, կը կազմէ շրջանային վարչութեան նախահաշիւը եւ կը կատարէ մասնաճիւղերու վրայ ցենզի բաշխումը:            

11.11.4 – Կը քննէ Շրջանային ժողովի օրակարգի կէտերը եւ համապատասխան բանաձեւեր կը հանէ:

11.11.5 – Ի հարկին, կը վերամշակէ Շրջանի ներքին կանոնագիրը` համաձայն Ընդհանուր Կանոնագրի սահմանումներուն (ստորեւ տե՛ս Կանոնագրային փոփոխութիւններ բաժինը)։ Վերամշակուած Կանոնագիրը կ՚ուղարկուի Կեդրոնական Վարչութեան առ ի վաւերացում։            

11.11.6 – Կ՚ընտրէ նոր Շրջանային վարչութիւն։ Շրջանային վարչութեան անդամները կ՚ընտրուին երկու տարուան համար, գաղտնի քուէարկութեամբ եւ ձայներու պարզ մեծամասնութեամբ: Իւրաքանչիւր տարուան Շրջանային ժողովին, կազմին կէսն է, որ փոփոխելի կ՚ըլլայ. այսպէս, օրինակ, 5 հոգինոց  մարմնի մը պարագային, տարի մը տեղի կ՚ունենայ 3 անդամի ընտրութիւն, յաջորդ տարի՝ 2 անդամի, նոյն ձեւով՝ յաջորդաբար 4 ու 3 անդամներու ընտրութիւն՝ 7 հոգինոց մարմնի պարագային։ Ընտրուած անդամները վերընտրելի են եւս երկու յաջորդական շրջաններ:

            Ծանօթ.- Այն պարագային, երբ Շրջանային Վարչութեան անդամներու թիւի նախապէս տեղի ունեցած փոփոխութեան պատճառաւ կարելի չ՚ըլլար այս պայմանը յարգել, Շրջանային Ժողովը ի՛նք կը ճշդէ, թէ քանի հոգի պիտի ընտրուի։                    

11.11.7 – Կ՚ընտրէ Համազգայինի Պատգամաւորական ժողովի պատգամաւորներ՝ ըստ կանոնագրի ուղէնիշի:  

Յօդ. 11.12 – Շրջանային ժողովը կը քննէ եւ կ̕որոշէ  մասնակցութեան ձեւը (իրաւասու կամ  խորհրդակցական) այն մասնաճիւղերուն, որոնք իրենց նիւթական պարտաւորութիւնները չեն կատարած:        

Յօդ. 11.13 – Շրջանային ժողովի որոշումները եւ Շրջանային վարչութեան ընտրութեան արդիւնքը կը յղուին Կեդրոնական վարչութեան առ ի վաւերացում:  

  1. ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ        

Յօդ. 12.1 – Շրջանային վարչութիւնը կը վարէ շրջանի միութենական գործերը՝  կանոնագիրի յօդուածների, Շրջանային ժողովի եւ Պատգամաւորական ժողովի որոշումներու սահմանին մէջ:

Յօդ. 12.2 – Շրջանային վարչութիւնը կը բաղկանայ 5, 7, 9 կամ 11 անդամներէ։               

Յօդ. 12.3 – ‎Շրջանաւարտ կամ հրաժարող Շրջանային վարչութիւնը, ընտրական Շրջանային ժողովի թուականէն նուազագոյնը երկու ամիս առաջ կը նշանակէ ընտրական յանձնախումբ, որ կը պատրաստէ յաջորդ վարչութեան հաւանական թեկնածուներու ցանկը:       

Յօդ. 12.4 – Շրջանային վարչութեան անդամ մը չի կրնար միաժամանակ մասնաճիւղի մը վարչութեան անդամ ընտրուիլ:                     

Յօդ. 12.5 – Մասնաճիւղերը, շրջանային յանձնախումբերը եւ գեղարուեստական միաւորները ուղղակիօրէն ենթակայ են Շրջանային վարչութեան, որուն պարտականութիւնն է համադրել եւ վերահսկել անոնց գործունէութիւնը:                

Յօդ. 12.6 – Շրջանային վարչութիւնը մօտէն կը հետեւի Համազգայինին պատկանող շրջանային եւ մնայուն բնոյթ ունեցող կրթական եւ այլ հաստատութիւններու գործունէութեան եւ անոնց ղեկավարումը կը վստահի պատասխանատու մարմիններու, որոնք կ՚առաջնորդուին հաստատութեան ներքին կանոնագիրներով:                       

Յօդ. 12.7 – Շրջանային վարչութիւնը կ՚ունենայ երեք հոգինոց դիւան մը, բաղկացած` ատենապետէ, ատենադպիրէ եւ գանձապահէ:                  

Յօդ. 12.8 – Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը իրավասու է մասնակցիլ մասնաճիւղերու, միաւորներու վարչութիւններուն եւ շրջանային յանձնախումբերու ժողովներուն` խորհրդակցական ձայնով:

Յօդ. 12.9 – Շրջանային վարչութիւնը կը գումարէ տարին մէկէ չորս լիագումար ժողովներ։ Անդամներու պարզ մեծամասնութեան ներկայութիւնը բաւարար է այս ժողովները օրինաւոր համարելու համար։ Որոշումները վաւերական են ներկաներու պարզ մեծամասնութեան ձայնով:       

Յօդ. 12.10 – Շրջանային վարչութիւնը Շրջանային ժողովէն առնուազն երկու ամիս առաջ, մասնաճիւղերուն կը յղէ Շրջանային ժողովի օրակարգը:       

            Ծանօթ.- Եթէ Մասնաճիւղերը օրակարգի հարցեր  ունին, պէտք է Շրջանային ժողովէն երեք ամիս առաջ զանոնք յղեն Շրջանային վարչութեան:

Յօդ. 12.11 – Շրջանային վարչութիւնը Կեդրոնական վարչութեան կը փոխանցէ Շրջանային ժողովի ատենագրութեան պատճէնը, ինչպէս նաեւ իր նիստերու ատենագրութեանց,  ծրագիրի, գործունէութեան տեղեկագիրի եւ հաշուեկշիռի պատճէնները:                     

Յօդ. 12.12 – Որեւէ պատճառով Շրջանային վարչութենէն հեռացող անդամ մը փոխարինելու համար, Շրջանային վարչութիւնը իր կազմը կ՚ամբողջացնէ ըստ իր հայեցողութեան եւ Կեդրոնական վարչութեան հաւանութեամբ:

Յօդ. 12.13 – Շրջանային վարչութիւնը պարտաւոր է Կեդրոնական վարչութեան փոխանցել Պատգամաւորական ժողովի կողմէ որոշուած ցենզը` ամէն տարի կանոնաւորաբար:                     

Յօդ. 12.14 – Շրջանային վարչութիւնը իրաւասու է յատուկ լիազօր ներկայացուցիչներ ուղարկելու իր մասնաճիւղերու եւ միաւորներու վարչութեանց բարոյական եւ նիւթական գործունէութիւնը քննելու, ներքին խնդիրները կարգադրելու եւ անոնց ուղղութիւն տալու համար:                     

Յօդ. 12.15 – Շրջանային վարչութիւնը, բացառիկ պարագաներու, իրաւասու է լուծարելու մասնաճիւղի մը վարչութիւնը եւ առաջացնելու նշանակովի վարչութիւն, որ կը գործէ առաւելագոյնը` վեց ամիս:              

Յօդ. 12.16 – Միայն Շրջանային վարչութիւնը կրնայ միջ-մասնաճիւղային հանդիպումներ եւ համագումարներ կազմակերպել:                     

Յօդ. 12.17 – Միջ-շրջանային կապերը կը պահուին Կեդրոնական վարչութեան գիտութեամբ:                     

Յօդ. 12.18 – Շրջանային վարչութիւնը կը նշանակէ յանձնախումբեր` յատուկ աշխատանքներ վարելու համար:                     

Յօդ. 12.19 – Շրջանային վարչութեան կողմէ կեանքի կոչուած յանձնախումբերը իրենց աշխատանքի ծրագիրը մշակելէ ետք, պարտին զայն ներկայացնել Շրջանային վարչութեան` առ ի վաւերացում: