8, 9 եւ 10 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան 2018-2022 քառամեակի Ա. լիակազմ ժողովը: Օրակարգի առաջին բաժինով, ժողովը ունկնդրեց շրջաններու գործունէութեանց տեղեկագրական զեկուցումները եւ գոհունակութեամբ հաստատեց, որ Համազգայինի նորաստեղծ կազմակերպական միաւորներու ցանցը հետզհետէ կը մեծնայ, եւ երիտասարդ համազգայնականներուն թիւը, յատկապէս Հիւսիսային Ամերիկայի շրջաններուն մէջ, կը բազմանայ: Աշխոյժ գործունէութիւն ունին Հիւսիսային Ամերիկայի երեք եւ […]
