ՊՈՍԹԸՆԻ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

ՈՒԱԹԸՐԹԱՈՒՆ.- Փետրուար 15-ին, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանային Վարչութեան հրաւէրով, տեղի ունեցաւ Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Պոսթընի մասնաճիւղի տարեկան ընդհանուր ժողովը, որ գլխաւորաբար կեդրոնացաւ յառաջիկայ տարուան գործունէութեան ծրագիր մշակելու գործին վրայ:

Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ մասնաճիւղի նոր վարչութիւն հետեւեալ կազմով.- Խաժակ Մկրտիչեան (ատենապետ), Վերժինի Թուլումեան (փոխ-ատենապետ), Սամուէլ Չաքմաքճեան (քարտուղար), Ռաֆֆի Զարգարեան (գանձապահ), Թաթուլ Պատալեան, Լոր Աստուրեան եւ Վազրիկ Չիլոյեան (խորհրդականներ):

Նորընտիր վարչութիւնը միութեան շարքերուն միանալու կոչ կ՚ուղղէ Պոսթընի մշակութասէր երիտասրդներուն, ի խնդիր հայ մշակոյթի պահպանման, զարգացման եւ տարածման:

Նորընտիր վարչութիւնը

No comments yet.

Leave a Reply