ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն.-Ի ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ 41-ՐԴ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ՝ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, Մայիս 6-ին, Նիւ Եորքի Հայ Կեդրոնին (Քուինզ շրջան) մէջ, տեղի ունեցաւ «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւելեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու 41-րդ շրջանային ժողովը, մասնակցութեամբ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն եւ հիւրաբար հրաւիրուած ներկաներու:


Կեդրոնական Վարչութիւնը կը ներկայացնէր Հրայր Պարոնեանը, իսկ շրջանի Հ.Յ.Դ.-ի Կեդրոնական Կոմիտէն՝ Յովսէփ Աւագեանը:
Հրայր Պարոնեան խօսք առնելով, յայտնեց թէ յատկապէս պէտք է ներգրաւել երիտասարդ սերունդը, որուն համար «Համազգային»ը կրնայ ունենալ եզակի գործունէութեան ոճ: Ան օրինակ բերաւ Հիւսիսային Ամերիկայի երեք շրջաններու (Գանատա եւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններ) երիտասարդական աշխատանոց-հաւաքն (artlinks) ու քսան տարիէ աւելի տարեկան դրութեամբ կազմակերպուող «ֆորում»ը:
Յովսէփ Աւագեան, խօսք առնելով շեշտեց թէ, այս ժողովը որ կը կատարուի Նիւ Եորքի մէջ, յիշատակելի է յատկապէս այն իմաստով որ, միեւնոյն ժամանակ կը նշուի տեղւոյն շրջանի «Համազգային»ի յիսնամեակը: Ան աւելցուց թէ, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, «Համազգային»ը կը շարունակէ գործել այս համաշխարհայնացման «բոյն»ին մէջ, կազմակերպելով երաժշտական համոյթներ, թատերական երեկոներ, կլոր սեղաններ եւ դասախօսութիւններ:
Կատարուեցաւ միամիայ գործունէութեան բարոյական եւ նիւթական տեղեկագրերու ընթերցում: Առիթ տրուեցաւ լուսաբանական հարցումներու եւ ապա կատարուեցաւ ըստ էութեան քննարկում:
Հաւաքուեցաւ կոկիկ գումար մը, որ պիտի տրամադրուի Արցախի օժանդակութեան ֆոնտին:
Աւարտին կատարուեցաւ Շրջանային Վարչութեան ընտրութիւն:
Շրջանային Վարչութեան անդամներն են.- Արեւիկ Գաբրիէլեան (Նիւ Եորք – Ատենապետ), Անի Աղաճանեան (Ֆիլատելֆիա Ատենադպիր), Քարի Ղազարեան (Ֆիլատելֆիա – Գանձապահ), Յասմիկ Աբրահամեան (Նիւ Ճըրզի – Փոխ-Ատենապետ), Թալին Մավլեան (Նիւ Ճըրզի – Խորհրդական), Նանօր Պարսումեան (Պոսթըն – Խորհրդական) եւ Հելենա Պարտաքճեան (Տիթրոյիթ – Խորհրդական):

No comments yet.

Leave a Reply