ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՅԻՍՆԱՄԵԱԿԻ ՓԱՌԱՀԵՂ ՔԱՌՕՐԵԱՅ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

 

(Հայրենիք Շաբաթաթերթ)–«Համազգային»ի Նիւ Եորքի մասնաճիւղը կը տեղեկացնէ թէ, իր հիմնադրութեան յիսնամեակին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկներուն հասոյթը՝ 15 հազար տոլար, ամբողջութամբ տրամադրած է Արցախի սահմանապահ զինուորներուն՝ արեան հոսքի դէմ սարքեր հայթայթելով:
Հիմնադրութեան յիսնամեակին, առթիւ Մայիս 4-էն 7, տեղի ունեցան զանազան ձեռնարկներ, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին գաղութէն ներս: Ստորեւ, այս ձեռնարկներուն մանրամասնութիւնները.

Նիւ Եորքի «Համազգային» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը հիմնադրուեցաւ 1967թ. Մայիսի 5-ին Նիւ Եորք Համալսարանի Լոպ Աշակերտական սրահին մէջ, ներկայութեամբ 55 երիտասարդներու: Նիւ Եորքի համայնքը մեծ խանդավառութեամբ քաջալեր հանդիսացաւ նորահաստատ մեր մասնաճիւղի գործունէութեան: Եւ ահա յիսուն տարի, առանց դադարի, պահեցինք ու պահպանեցինք մեզի վստահուած մշակութային ժառանգը եւ ամէն ճիգ թափեցինք զայն փոխանցելու մեզի յաջորդող սերունդին: Յիսնամեա՜կ… ամբարուած ճիգ, անսահման նուիրում, անխախտ հաւատք… Իրագործումներու ամբողջական ցանկը պահ մը մէկդի դնելով, նշենք, որ վերջին յիսուն տարիներուն, 2311 հոգի գործօն մասնակցութիւն բերած են մեր կազմակերպած մշակութային ձեռնարկներուն, անոնցմէ 1591 հոգի, այսինքն 69%, պարման պարմանուհիներ էին: Մասնաճիւղի երգչախումբին մասնակցեր են 614 հոգի, թատերախումբին՝ 405 հոգի: Իսկ արտասանական եւ գիտելիքներու մրցոյթներին՝ 842 պարման-պարմանուհի: Փառատօնը կու գար այս բոլորի հաւաքական ճիգին առջեւ խոնարհելու:

Փառատօնի մտայղացումը, ծրագրումը եւ գորածդրութիւնը աշխատանքն էր հիմնադիր անդամ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի: Ան խմբագրեց 145 էջերէ բաղկացած Յուշամատեանը, բարեձեւեց յայտարարութիւնները, ճշդեց ասուլիսի նիւթերը, ապահովեց թէ՛ ասուլիսի, թէ՛ մշակութային ձեռնարկի մասնակիցները եւ մարմնաւորեց Խրիմեան Հայրիկի տիպարը եւ կեանքի դրուագները իր թատրերկով:

Յիսնամեակի ծրագրումը երկու նպատակ կը հետապնդէր՝ Առաջին- Մեր ազգային գոյատեւման պայքարին մէջ, նշել մշակութային միութեան մը յիսնամեայ ՅԱՐԱՏԵՒ գործունէութիւնը, որպէս յիշեցում՝ ինքնագիտակցութեան հիմքի եւ համահայկական յարատեւութեան մտահոգութեան մասնակցութեան: Երկրորդ- Այս քառօրեայ ծրագիրը մեր պատասխանն էր անցեալ տարուայ Ատրպէյճանի՝ քառօրեայ չար միտումին՝ ոչնչացնելու Արցախը: Անոնք դիւահար պատերազմի դիմեցին, ահա, մենք լոյս կը սփռենք, մարդկային վեհութիւններ կը տօնախմբենք: Արցախ իր մարդկային իրաւունքներու տէր է եւ պատմութեան մէջ դեր ունի կատարելիք: Մեր զօրակցութիւնը Արցախին, անքակտելի է եւ անոր ապահովութիւնը մեր գերագոյն պարտքն է: Այս իսկ նպատակով Փառատօնի հասոյթը ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ կը նուիրենք Արցախի սահմանապահ զինուորներու կեանքը փրկող, արեան հոսքը կասեցնող յատուկ սարքեր տրամադրելուն համար: Քառօրեայ ծրագիրներէն երեքը տեղի ունեցան Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Փաշալեան սրահին մէջ իսկ չորրորդը՝ Հայ Կեդրոնին մէջ: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Ս. Լուաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ արժանապատիւ Տէր Մեսրպ Լագիսեանին եւ ՀՅԴ Արմէն Գարօ Կոմիտէին, որոնք իրենց սրահները տրամադրեցին մեր ձեռնարկներուն համար: Մասնաւոր շնորհակալութիւն Լալիկ Վարդանեանին իր բացառիկ օժանդակութեան համար: Խորին շնորհակալութիւն Զենոբ Թոմաքեանին եւ Թամար լագիսեանին լուսանկարներուն համար: Ստորեւ ձեռնարկներուն նկարագրակնները:

ՏՕՆԻ ԾՐԱԳՐԻ Ա. ՄԱՍ
ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ, ԱՐՑԱԽ ԵՒ ԵՐԻԱՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԱՍՈՒԼԻՍ
Մայիս 4, 5 եւ 6, 2017
Իրապէս հիացած, զարմացած եւ ապշած ենք ի տես՝ Մայիս 5 – 7 տեւող Նիւ Եորքի «Համազգային»ի մասնաճիւղի յիսնամեակի առթիւ տեղի ունեցած քառօրեայ ծրագիրներու յաջողութեան առթիւ:
Շատերուն համար «խենթութիւն» սեպուի թերեւս, որ այս օրերուն, Նիւ Եորքի նման լափիւրընթոսային քաղաքի մը մէջ, միութիւն մը, ան ալ հայկակա՜ն, խիզախութիւնը ունենայ ՉՈՐՍ (կրկնենք՝ ՉՈ՜ՐՍ) յաջորդական օրերով, մշակութային, ազգային ձեռնարկներով տօնէ իր հիմնադրութեան յիսնամեակը:
Փառատօնը կը վայելէր հովանաւորութիւնը Ա.Մ.Ն.-ի Արեւելեան շրջանի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տէր Օշական Արքեպիսկոպոս Չօլոյեանի:
Այս մասնաճիւղը, որ յիսո՜ւն տարի, շարունա՛կ, զանազան դասախօսութիւններով սերունդներ եւ հանրութիւնը դաստիարակած է, երգչախմբային բազմաթիւ ելոյթներով հայ երգը տարածած է, թատերական ներկայացումներով՝ հայ հասարակութիւնը դասական եւ այժմէական նիւթերով Հայ լեզուին կապած է, բանաստեղծութիւններու ընթերցասանական ելոյթներով նոր սերունդը մեր լայնատարած գրական աշխարհին ներքաշած է, ահաւասիկ կու գայ, իր որդեգրած ուղիին հետեւելով, չորս օրերու ընթացքին, ԱՅՍՕՐՈՒԱ՛Ն կեանքի արձագանգը ըլլալու: Եւ ՀԻՄՆԱԿԱՆԸ… Քառօրեայ ձեռնարկներու հասոյթը, ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԵԱՄԲ յատկացնելու՝ Արցախի ռազմաճակատի դիրքերուն վրայ հսկող զինուորներուն արեան հոսքի դէմ ռազմական սարքեր հայթայթելու համար:

Ծրագրուած քառօրեայ ձեռնարկները հետեւեալներն էին-
Հինգշաբթի, Մայիս 4 – Բացում եւ Նկարներու ցուցադրութիւն Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Մայր Եկեղեցին, որ միութեան կազմաւորման օրրանը եղած է։ Պատերը զարդարուած էին աւելի քան 30 Հայ նկարիչներու նկարներով: Նկարները հայթայթած էր Պերճ Զոպեան, Փրովիտէնսի Կալէրի ԶԻի տնօրէնը, բարիացակամութիւնը ունեցած էր վաճառքի հասոյթէն տոկոս մը յատկացնելու Արցախի՝ վերը նշուած ծրագրին:
Երկրորդ ձեռնարկը, Ուրբաթ, Մայիս 5 – Նուիրուած էր Արցախին։ Բացումը կատարեց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկերուհի Արմինէ Մինասեան: Հրաւիրեց Ս. Լուաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ Քահանայ Լագիսեան, որ տօնախմբութեան բացման խօսքը ընէ: Տէր Հայրը վեր առաւ Նիւ Եորքի Համազգայինի կատարած մշակութային բազմակողմանի գործունէութեան կարեւորութիւնը Նիւ Եորքի համայնքին մէջ: Ատենապետուհի Արմինէ Մինասեան ապա հրաւիրեց Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Ընկհ.ի Արեւիկ Գաբրիէլեան, որ յայտնեց թէ, Ա.Մ.Ն.-ի Համազգայինի 41րդ շրջանային ժողովը այս տարի տեղի կ՛ունենայ Նիւ Եորքի մէջ: Ան ողջունեց ժողովին համար ժամանած ներկայացուցիչները:
Ատենապետուհի Արմինէ Մինասեան ապա հրաւիրեց Դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը ընթացք տալու օրուան յայտագրին: Մարգարեան ըսաւ. «Հաւաքական մեր կեանքը մէկ գերխնդիր ունի այսօր, որ կը կոչուի Արցախ: Արցախը մեր ազգային պայծառ հեռանկարի գրաւականն է:»

Ռազմիկ Արզումանեան

Մարգարեան հրաւիրեց Պարոն Ռազմիկ Արզումանեանը, որ երկհիմնադիրն է Արցախի Վիրաւոր Զինուորներու Ֆոնտի հաստատութեան: Պարոն Արզումանեան, սահիկներով մանրամասնօրէն բացատրեց վերոյիշեալ սարքերու մասին։ Ցայսօր, Ֆոնտի ճիգերով, 3000 սարք յատկացուած է ռազմաճակատի զինուորներուն: Բայց կարիքը դեռ կայ շատ աւելիին, եզրակացուց Պարոն Արզումանեան: Կոչ ըրաւ բոլորին մասնակցելու այս նուիրական գործին: Վիրաւոր զինուոր մը փրկելու համար, պաշտպանողական սարքը միայն 70 տոլար է: «Անորոշ ժամանակներու մէջ կ՛ապրինք, կարիքը անհրաժեշտութիւն է այսօր: Ընդառաջելը՝ հրատապ: Խօսք առին նաեւ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ՝ Ռոպերտ Աւետիսեան եւ Հայաստանի Մ.Ա.Կ.-ի մօտ մնայուն դեսպան Զոհրապ Մնացականեան, որոնք շեշտեցին Արցախի հիմնահարցին կարեւորութիւնը եւ անոր օժանդակելու անհրաժեշտութիւնը: Պարոն Աւետիսեան դրուատեց Նիւ Եորքի մասնաճիւղի նախաձեռնութիւնը՝ Յիսնամեակի եկամուտը յատկացնելու Արցախի զինուորներուն, եւ առ այդ, Արցախի 25-ամեակի շքանշանը յանձնեց Շրջանայինի ատենապետուհի Արեւիկ Գաբրիէլեանին փոխանցելու համար Նիւ Եորքի մասնաճիւղին: Պէտք է ըսել գիտակից եւ սրտակից հասարակութիւն մը ներկայ էր, որոնք լուաբանական հարցումներ ուղղեցին եւ համապատասխան պատասխաններ ստացան:

 

Արմէն Գաբրիէլեան

Երրորդ ձեռնարկը, Շաբաթ, Մայիս 6-ին էր: Խորհրդակցական քննարկում Հայ կեանքը յուզող այժմու հարցերու մասին, այսինքն՝ «Պատասխանատւութիւն, պարտաւորութիւն, եւ գործունէութիւն»։ Մասնակցողները Սփիւռք ծնած եւ մեծցած, երկրորդ սերունդի ներկայացուցիչներն էին: Բացման խօսք ըրաւ Յովհաննէս Պզտիկեան որ դրուատեց երիտասարդները, որ նման լուրջ հարցերու քննարկումներուն կը մասնակցէին: Ապա հրաւիրեց Արմէն Գաբրիէլեանը վարելու ասուլիսը: Առաջին խօսողն էր Վեհ-Յառաջ Պզտիկեան որ ներկայացացուց «Հայ եկեղեցւոյ դերը սփիւռքահայութեան կեանքին մեջ»: Անահիտ Ուղուրլայեան ներկայացուց «Հայ Կինը»՝ ծանրանալով Հայաստան բնակող հայ կնոջ դժուարութիւններու մասին։

 

Անուշաւան Եպիսկոպոս Դանիէլեան

Լուսին Գասպարեան ներկայացուց սփիւռքի հայ գրողը։ «Արմինիըն Ուիքլի»ի խմբագիր, Ռուբէն Ճանպազեան ներկայացուց Սփիւռքի հայութեան քաղաքական պատկերը։ Մարտիկ Չոլաքեան խօսեցաւ ներկայի արդիական արհեստագիտութեան մասին: Բանախօսները բոլորն ալ արհեստավարժ մօտեցումներով եւ խոր վելուծումով մօտեցան հարցերու քննարկմնան: Փա՞ստ, դասախօսութիւններէն ետք բազմաթիւ հետաքրքիր հարցումներն ու քննարկումները: Ատենավար Արմէն Գաբրիէլեան բացառիկ կերպով վարեց ասուլիսը: Հպարտութեամբ լսեցինք Սփիւռքի մեր երկրորդ սերունդի խոհուն եւ հասուն խօսքը։ Անոնց մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը հաւանաբար երկինքէն լսելով ՝ իրար շնորհաւորեցին «թուրքը ձախողեցաւ» ըսելով։ Ապրի՛ք Սփիւռքի սիրելի ԵՐԿՐՈՐԴ ՍԵՐՈՒՆԴ: Փակման եզրափակիչ Խօսքը կատարեց Անուշաւան Եպիսկոպոս Դանիէլեան գնահատելով Համազգայինի նախաձեռնութիւնը եւ երիտասարդութեան խոհուն մասնակցութիւնը: Հոգեպարար, իմաստալից եւ իւրայատուկ երեկոյ մը իրապէս։

Բ. ՄԱՍ
ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿ – Մայիս 7, 2017
Նիւ Եորքի «Համազգային»ի Մասնաճիւղի յիսնամեակի փառատօնի չորրորդ օրուան յայտագիրը տեղի ունեցաւ Մայիսի 7-ին: Նախ Կիրակի առաւօտ Վարչութիւնը հոգեհանգստեան պաշտօն խնդրեց յիսուն տարուան ընթացքին մեզմէ հեռացած անդամ անդամուհիների համար Ս. Լուաւորիչ Մայր Եկեշեցւոյ մէջ: Մշակութային ձեռնարկը սկսեց կ.ե. ժամը 4-ին Հայ կեդրոնի մէջ: Ներկայ էր Ա.Մ.Ն.-ի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ, Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Հրայր Պարոնեան, Շրջանային ատենապետուհի ընկհ. Արեւիկ Գաբրիէլեան, Հ.Օ.Մ.-ի կեդրոնական Վարչութեան անդամ Սիլվա Գույումճեան, Հ.Օ.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Սանտրա Վարդանեան, մասնաճիւղիս երգչախումբի նախկին ղեկավարներ՝ Գրիգոր Փիտէճեան եւ Րաֆֆի Բ. Սվաճեան, յարգարժան նուիրատուներ, հրաւիրեալներ եւ համայնքիս մշակութասէր եւ ազգասէր հասարակութիւնը: Սրահը «բերնէ բերան» լեցուած էր: Բացումը կատարեց եւ յայտագրին ընթացք տուաւ Սփիւռքի երկրորդ սերունդի ներկայացուցիչներից՝ Լարա Միլեան, որ միութեանս թատերախումբի, գրական ձեռնարկների եւ պարախումբի մասնակիցներից եղած է: Միլեան ներկաներին հրաւիրեց որ մի վայրկեան յոտընկայս յարգանք մատուցեն Արցախում զոհուած ազատամարտիկների յիշատակին: Ապա, հրաւիրեց, զաւակները, վերջին 50 տարիներին մեզմէ հեռացած «Համազգային»ի անդամ անդամուհիներին, որոնք ընթերցեցին անունները իրենց ծնողներին եւ հարազատներին: Նրանք, ովքեր, ոչ թէ միայն լոկ անդամ էին եղել, այլ իրենց բարի ու ազգանուէր մասնակցութիւնը բերել էին մասնաճիւղիս մշակութային գործունէութեանց: Նրանք, այդ ազնիւ նուիրեալները եկան ծառայեցին Հայ Մշակոյթին ու անցան: Այդ վայրկեանին, րոպէական անցեալի վառ յիշատակները վերակենդանացան մեր մտքերում: Պահը թէ՛, յուզիչ, թէ՛՝ ուրախանալի էր … Հանդիսավարը ապա ընթացք տուաւ մշակութային ծրագրին, որ ծաղկեփունջ մըն էր մեր երգի եւ երաժշտութեան աշխարէն՝ տոհմականէն մինչեւ ազգագրական եւ ազգային երգերու սքանչելի փունջ մը: Մասնակցողները Սփիւռքի ԵՐԿՐՈՐԴ սերունդն էր նորէն՝ Նարեկ Բուդաղեան (Երգ և կիթառ), Ջերի Պզտիկեան (Քանոն), «Զուլալ» Եռեակ (Տոհմական երգեր), Յոյսեր Անսամպըլ (Ազգային երգեր): Կատարողները իրենց սահմանուած տասնական վայրկեանների մէջ, արհեստավարժ մակարդակով, սքանչելիօրէն մեկնաբանեցին երգերը եւ մեզ հոգեպարար պահեր շնորհեցին՝ տոհմականէն, աշուղականին եւ այժմու ազգային – յեղափոխական երգերի եւ մեզ փոխադրեցին հայ երգի նրբագեղ անդաստանը: Սրահը խանդավառութեամբ դիմաւորեց այս արհեստավարժ երգիչ-երգչուհիները եւ նուագողները: Յայտագրի երկրորդ բաժինը թատերականն էր:
Անդրանիկ բեմադրութիւնն էր թատերագիր Հրանդ Մարգարեանի՝ «Խրիմեան Հայրիկ» մենակատարական թատրերկին: Մենակատարն էր ինքը հեղինակը: Դանդաղ ու հաստատուն քայլերով բեմ բարձրացաւ Հրանդ Մարգարեան: Հանդիսատեսը խորագոյն ակնածանքով դիմաւորեց Հայոց Հայրիկի տիպարը: Պէտք է շեշտել՝ արհեստավարժ դիմայարդար Արմինէ Մինասեան, որ 1976էն իվեր, թատերախումբի դիմայարդը եղած է, այս անգամ ալ իր արհեստը կատարելագործեց դերակատարին ծպտումը ճիշտ Խրիմեան Հայրիկի տիպարին նմանցնելով: Մարգարեան, թատերախաղի առաջին իսկ նախադասութիւնով հանդիսատեսը բեմին կապեց: 45 վայրկեանի մէջ, մենք ճամբորդեցինք Խրիմեան Հայրիկի հետ՝ Վանէն մինչեւ Էջմիածին՝ բաժնելով իր մտածումները, մտահոգութիւնները, ազգային եւ քաղաքական տեսութիւնները: Ականատես եղանք նրա կեանքի դրուագներին հայ հասարակական քաղաքական եւ հոգեւոր մշակութային մարզերի մէջ որպէս գործիչ, գրող եւ յեղափոխական: Բեմադրութիւնը պարզ էր, առանց բեմայարդարանքի: Բեմադրիչին նպատակը ըստ երեւոյթին, հանդիսատեսը ամբողջովին կեդրոնացնելն էր՝ նոյնինքն Խրիմեանի առինքնող խօսքերի վրայ: Մարգարեանի բեմադրական իւրայատկութիւնը ի յայտ եկաւ Պերլինի վեհաժողովի խորհրդանշական պատկերի ընթացքին: Երբ Խրիմեան նշեց վեհաժողովը, բեմ եկան վեց տիպարներ՝ Անգլիա, Աւստրիա, Գերմանիա, Ֆրանսիա եւ Իտալիա կռնակնին դէպի հանդիսատեսը: Երբ դարձան դէպի հանդիսատեսը, մենք տեսանք հինգ եւրոպական պետութիւնները իրենց ուսակապ դրօշներով եւ ճերմակ միատեսակ դիմակներով: Եօթներորդը Թուրքիան էր՝ կարմիր դիմակով եւ միակը, որ գաւազանի փոխարէն թուր կը կրէր: Հինգ դիմակաւոր տիպարները լուռ էին: Թուրքիան միակն էր որ բարձրաձայն կը ծիծաղէր մինչ դիմակաւորները գլխի կտրուկ շարժումներով գետին են խփում գաւազանները մերժողական արտայայտութիւնով: Եւ ահա այստեղ է, որ Խրիմեան այդ վեհաժողովը նմանեցնում է հարիսայով լիքը կաթսայի «Ո՛վ, երկաթէ շերեփ ունէր, իր բաժինը վերցնում էր: Իմ ձեռքինը թղթէ շերեփ էր, խփում էի, մնում էր մէջը»: Ապա Խրիմեանի տիպարին հետ ճամբորդեցինք իր կաթողիկոսութեան տարիները, երբ այս անգամ Ցարը մեր եկեղեցւոյ կալուածների բանալիները պահանջում է: Յանկարծ սրահի հետեւից ներս վազեցին մի խումբ փոքրիկներ (Սփիւք ծնած ԵՐՐՈՐԴ սերունդ), բարձրաձայն պոռալով. «Հայրի՛կ չյանձնես»: Յուզիչ էր տեսարանը և իրական: Խրիմեան հոգատար քնքշութեամբ փոքրիկները գրկելով, նրանց վստահեցնում է, որ պիտի չյանձնէ: Փոքրիկների հետ խօսելիս, նա կը յորդորէ՝ որ սերունդնեը կառչեն՝ իրենց Եկեղեցիին, որ մեր հաւատքն է, Հայաստանին՝ որ մեր հայրենիքն է եւ մեր լեզուին, պարին, երգին՝ որ մեր մշակոյթն է: Թատերախաղի վերջաւորութեան, Խրիմեան կու տայ իր վերջին կոնդակը, Սեպտեմբեր 20, 1907ին որուն մէջ տեղեկացնում է թէ թեմ է հաստատում Ամերիկայի մէջ:Տիպարը հեռանում է բեմէն: Դիւանապետը յայտնում է, որ կոնդակի թուականէն 39 օր ետք, վախճանուեց Հայոց Հայրիկ: Դիւանապետը փոքրիկներին թելադրում է, որ «Հայր Մեր» արտասանենք Հայրիկի հոգւոյն համար: Այստեղ հանդիսատեսը յոտընկայս միացաւ փոքրիկների աղօթքին: Հանդիսատեսը, որ լռութեամբ եւ ուշադրութեամբ հետեւել էր թատերախաղին, թատրերկի աւարտին, յոտընկայս եւ երկար ծափահարութիւններով դիմաւորեց Խրիմեանի կերպարը մարմնաւորող Հրանդ Մարգարեանը: Իսկապէս առինքնող բեմադութիւն մը: Մշակութային բաժնի վերջաւորութեան, ատենապետուհի Արմինէ Մինասեան, Նիւ Եորքի «Համազգային»ի վարչութեան կողմից Պատւոյ Գնահատագիր ընծայեց Սուրբ Լուսաւորի Հայաստանեաց Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ նախկին հոգեւոր հովիւ Արժ. Աւգ. Քհնյ. Տ. Մուշեղ ՏէրԳալուստեանին եւ ներկայի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեանին, մասնաճիւղի մշակութային ձեռնարկներին իրենց տարիների համագործակցութեան համար, նկատի ունենալով որ մշակոյթը ազգապահպանման օղակներից մէկն է եւ եկեղեցին կեդրոնն է համայնքի հաւատքի ու մշակոյթի: Նաեւ, վարչութեան կողմից երախտագիտութեան Պատւոյ Գնահատագիր նուիրուեց Հրանդ Մարգարեանին, միութեան յիսնամեայ մշակութային փառատօնի տքնաջան աշխատանքի եւ իր տարիների յարատեւ գործունէութեան ու նուիրումին համար, առ ի յօգուտ Մեր Հայ Մշակոյթի: Վարձքդ Ի կատար ընկ. Հրանդ Մարգարեան, Աստուած օրհնի քեզ ու քո բռնած լուսաւոր ճամբան: Խօսք առաւ Համազգայինի ԱՄՆի արեւելեան շրջանի ատենապետուհի Արեւիկ Գաբրիէլեան, որ շնորհաւորեց եւ պարգեւատրեց Նիւ Եորքի մասնաճիւղը իր յիսնամեակի առթիւ: Փառատօնի եզրափակիչ խօսքը ըրաւ Բարձրաշնորհ Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան որ դրուատեց Մասնաճիւղի գործունէութիւնը, շեշտեց Համազգայինի կատարած կրթական եւ մշակութային օրինակելի գործունէութիւնը Սփիւռքի տարածքին եւ նորանոր յաջողութիւն մաղթեց Նիւ Եորքի մասնաճիւղին: Վերջաւորութեան, կարկանդակով եւ շամփէյնով տօնախմբութիւնը իր աւարտին հասաւ: Հոգեպարար քառօրեայ բացառիկ տօնախմբութիւն մը արդարեւ: Արժան եւ իրաւ: Վարձքը կատար վարչութեան, բոլոր մասնակցողներուն եւ նուիրեալ անդամներուն:

 

No comments yet.

Leave a Reply