«ԱՐԴԻ» տառատեսակի հրապարակում

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը այսու կու գայ հայ գրասէր հանրութեան եւ հայերէնի ուսուցման մարզին մէջ մասնագէտներու ուշադրութեան յանձնելու, թէ առ ի գործադրումն Համազգայինի Է. Պատգամաւորական Ժողովի որոշումներուն, իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ համացանցային ոլորտին մէջ հայերէնի տարածման, ինչպէս նաեւ նորահաս սերունդի հայերէնի ճանաչողութեան գործին։

«ԱՐԴԻ» տառատեսակի օգտագործմամբ, մանուկը պիտի կարենայ հայերէն գիրերը տեսնել այնպէս, ինչպէս ինք կը սորվի դպրոցին մէջ:

Առ այդ, այսու կը յայտարարենք հրապարակումը մանկական ձեռագիր «ԱՐԴԻ» տառատեսակին, որ կարելի է օգտագործել յատկապէս տպագրական հաստատութիւններուն, մանուկներու յատուկ հրատարակութիւններ պատրաստող խմբագիրներուն եւ մանաւանդ տպագրական հետեւեալ ծրագիրները օգտագործողներուն կողմէ. CorelDraw, Quarkxpress, Indesign, Illustrator, Photoshop, եւայլն:

«ԱՐԴԻ»  տառատեսակի օգտագործմամբ, մանուկը պիտի կարենայ հայերէն գիրերը տեսնել այնպէս, ինչպէս ինք կը սորվի դպրոցին մէջ, ինչ որ աւելի դիւրըմբռնելի կ՛ըլլայ մանուկին համար եւ  անոր մտքին մէջ երկուութիւն չի ստեղծուիր։ Յայտնենք, որ այս տառատեսակի օգտագործմամբ միանմանութիւն կը ստեղծուի թէ՛ դպրոցական գիրքերու, թէ՛ քովնտի հրատարակութիւններու եւ թէ արդի  գործիքներու վրայ զանազան խաղերու (app) համար օգտագործուած տառատեսակներուն մէջ։

«ԱՐԴԻ»  տառատեսակը կարելի է ներբեռնել անվճար, դիմելով Համազգայինի կայքէջին, հետեւեալ հասցէով՝ http://www.hamazkayin.com/arti/։

Հայ մամուլէն կը խնդրուի տարածել այս հաղորդագրութիւնը։

Համազգայինի

Կեդրոնական Վարչութիւն

9 Յունուար 2017

Պէյրութ

No comments yet.

Leave a Reply